Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը «Ջաւախքի զաւակներ» կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար Մայիս 25-ին Մոսկուայի գրողներու տան մէջ կազմակերպեցին երեկոյ՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնին:
Երեկոյին ներկայ էին Ռուսաստանի քաղաքագիտական կեդրոններու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ:
Բանալով երեկոն, Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեանը նշեց, որ երկարատեւ բացակայութենէ ետք հայկական պետականութեան վերականգնումը հնա- րաւոր դարձաւ ազատագրական պայքարի եւ հայութեան ներուժի համախմբման շնորհիւ: Թէեւ Հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, բայց անոր ծնունդն ու գործունէութիւնը ապահովեցին հայկական պետականութեան շարունակականութիւնը:
Ռազմավարական հետազօտութիւններու ռուսաստանեան ինստիտուտի «Ազգային ռազմավարութեան հիմնահարցեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աժդար Կուրտովը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ պատերազմները շատ ազգերէն խլած են անոնց գիրն ու պատմա-մշակութային վկայութիւնները: Այլ է Հայաստանի պարագան: «Անկախութեան, մասնաւորաբար Առաջին Հանրապետութեան կազմաւորման համար մղուող պայքարին հայերը աւելի ուժեղացած են: Գաղտնիք չէ, որ շատ ազգեր այսօր իրենց համար պատմութիւն կը յօրինեն: Հարաւային Կովկասին մէջ Հայաստանի հարեւանները աշխու- ժօրէն անորմով կը զբաղին: Իհարկէ, անոնք պատմութիւն կը հնարեն ելլելով քաղաքական նպատակայարմարութենէ: Փա՛ռք Աստծոյ, որ հայերը անոր կարիքը չունին, քանի որ փառայեղ պատմութիւն ունին» - իր խօսքը եզրափակեց քաղաքագէտը:
«Արարատ» միութեան նախագահ Էմանուիլ Դոլբակեանը ընդգծեց, որ 1918 թ. հայերը Սարդարապատի մէջ հրաշք գործեցին՝ Երեւանն ու Արեւելեան Հայաստանը փրկելով թրքական ներխուժումէն: Ո՛չ Մեծ Բրիտանիան, ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ Գերմանիան եւ ո՛չ ալ Ռուսաստանը այն ժամանակ չօգնեցին հայերուն: Հայ գործիչը նշեց, որ մենք պարտաւոր ենք արժանին մատուցել «Դաշնակցութեան», որովհետեւ հէնց այդ քաղաքական ուժը ստեղծեց հայկական պետութիւնը:
Երեկոյի ծիրէն ներս տեղի ունեցան Արթուր Գէորգեանի «Ծնուած ու կոփւած կրակներում» եւ «Հայերի Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում: Պատմութեան փորձը դաս է ապագայի համար» գրքերու շնորհանդէսը: Առաջին գիրքին մէջ հեղինակը փաստաթղթային հէնքով կը ներկայացնէ հայկական նորօրեայ բանակի ծնունդն ու զարգացումը, երկրորդին մէջ` Հայաստանի ու Սփիւռքի ուժեղացման, հայկական արտաքին քաղաքականութեան ակտիւացման եւ Հայ Դատի լուծման շուրջ իր մօտեցումները:
Երեկոն կ'ուղեկցուէր գեղարուեստական կատարումներով. Ռուսաստանի վաստակաւոր արտիստ Արարատ Մկրտչեանը առաջին անգամ կատարեց իր «Պապերի կանչը» եւ «Արարատ» քայլերգները եւ ազգային-յեղափոխական երգեր: