Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մայիս 29-ին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Մոնթրէալի Հայ կեդրոն այցելեցին Քանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ:

Պաշտօնական այս հանդիպման նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին: Հանդիպման ներկայ էին Քանատայի մէջ գործող ազգային հաստատութիւններու, եկեղեցական  յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու շրջանային ներկայացուցիչներ: Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի աշխատանքներու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան կատարեց հանդիպման բացումը եւ հրաւիրեց Անժելա Քասին որ տեղեկութիւններ փոխանցէ թանգարանին մասին: Անժելա Քասի յայտնեց, որ թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Անժելա Քասի թուեց թանգարանի տարբեր բաժանմունքներու եւ յարկերուն մէջ ներկայացուած տաղաւարները: Թանգարանի մուտքի սրահին առաջին տաղաւարին մէջ կը բացատրուի մարդ անհատի իրաւունքներու համաշխարհային հասկացողութիւնը: Յաջորդ տաղաւարին մէջ կը ներկայացուի Քանատայի բնիկ  հնդիկներու ցեղախումբերու պատմութիւնն ու մշակոյթը ու անոնց դէմ գործուած մարդկային իրաւանց խախտումները: Յաջորդող սրահներուն մէջ կը գտնուին երկխօսութեան տաղաւարն ու վաւերագրական ժապաւէններու եւ արխիւային լուսանկարներու տաղավարը:
Թանգարանի երրորդ յարկի ազգերու ցեղասպանութեանց նուիրուած բաժանմունքին մասին բացատրութիւններ փոխանցեց տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Հրէական Ողջակիզումի բաժանմունքի Ռաֆայէլ Լեմքինի ձօնուած տաղաւարին մէջ, ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն, կը ծանօ- թացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին մասին: Այս                յարկի վերջին ենթաբաժինը կÿանդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրա- ժեշտութեան մասին:
Տոքթ. Քլինթ խօսքի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, անցնող տարիներու համագործակցութեան համար, Զօրեան հիմնարկին, Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ Արմին Վեկնէրի արխիւային հաստատութեան:
Ներկայացումներու աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու, որոնց պատասխանեցին թանգարանի պատուիրակութեան անդամները: