Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոմսի հայկական եկեղեցին եւ դպրոցը սուրիացի ընդդիմադիրները որպէս հիւանդանոց ու կեցավայր կ'օգտագործեն

Սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Գասրիէլ Ճամպարճի «Խապար Արմանի» կայքին յայտնած է, որ հակառակ Սուրիոյ հետզհետէ մտահոգիչ դարձող իրավիճակին, տեղի հայկական համայնքը առայժմ խաղաղ վիճակի մէջ է։

Ճամպարճիի խօսքերով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երեք շաբաթ առաջ անձամբ հետաքրքրուած է, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի պատճառով հայ ընտանիքներ կը գաղթե՞ն երկրէն, եւ այդ իսկ նպատակով Ճամպարճին հաշուառած է հայկական դպրոցներէն բացակայող աշակերտներուն թիւը եւ պարզած, որ անոնց բացակայութեան պատճառը արտագաղթն է, իսկ անոնց թիւը կը կազմէ 15-20 ընտանիք եւ մեծ մասը գաղթած է դէպի Լիբանան, Հայաստան եւ ԱՄՆ։
Հուլայի սպանդէն յետոյ Սուրիայի Հոմս քաղաքի եւ շրջակայքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը մտահոգ է եւ ըստ կարելիութեան ապաստան կը փնտռէ Լիբանանի մէջ: Տարբեր լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն թէ ժողովուրդը կը վախնայ Հուլայի զոհերու ճակատագրի կրկնումէն: Արդէն իսկ աւելի քան 50 հազար քրիստոնեայ հեռացած է Լիբանան, Յորդանան, Իրաք եւ Թուրքիա: Սուրիայի մէջ մնացածները ապաստան գտած են Հալեպի փախստականներու օգնութեան Ճիզվիտական կեդրոնէն ներս:
Հոմսը Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքի ամէնէն տարածուն կեդրոններէն է: Յիշենքնե,ն որ Հոմսի քրիստոնեայ հայ համայնքը տուժած էր իր դպրոցի եւ եկեղեցւոյ վրայ Մայիս  19-ին իրականացած յարձակումով, ինչ որ օրին՝ խստօրէն քննադատուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի յայտարարութեամբ:
Հիմնականօրէն քրիստոնեայ արաբներով բնակեցուած Հոմսի Համիտա թաղամասէն ներս գտնուող «Իսահակեան» դպրոցը եւ եկեղեցին այժմ որպէս հիւանդանոց եւ կեցավայր կը ծառայեն սուրիացի ապստամբներուն համար: