Դամասկահայ գաղութը իր երիտասարդներէն
ԼԵՒՈՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԸ (ծնեալ 1 Յունուար, 1992)
կը կորսնցնէ Սուրիա- Թուրքիա սահմանին վրայ
(Պապ Ալ Հաուա)
Սուրիոյ Հուլայի շրջանին մէջ սպանութիւններու եւ բռնութեան դէպքերէն ետք, Արեւմուտքի մէջ պաշտօնավարող շարք մը Սուրիացի դեսպաններ արտաքսուեցան:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարեց որ 24 ժամուայ մէջ Փարիզէն պէտք է մեկնած ըլլայ Սուրիոյ դեսպանը. նոյն գիծը որդեգրեցին Գերմանիա, Բրիտանիա, Իտալիա եւ Սպանիա, ինչպէս եւ Աւստրալիա, Գանատա եւ Պուլկարիա:
Ժընեւի մէջ Մարդոց իրաւունքներու պաշտպան Ռուպերթ Քոլվիլ, յայտարարեց թէ զոհերուն մէջ կային 49 երեխաներ եւ 34 կիներ: Ան աւելցուց թէ նուազ քան 20 հոգիի սպանութիւնը կրնայ փոխադարձ հրաձգութեան արդիւնք ըլլալ: Մնացեալ զոհերը անմեղ քաղաքացիներ էին:
Դամասկոսի մէջ կայացաւ ՄԱԿի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի հանդիպումը Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատի հետ: Քոֆի Անան Ասատին փոխանցեց միջազգային հանրութեան բողոքն ու ընդվզումը, յատկապէս Հուլայի դէպքերու լոյսին տակ: