Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

17 նոր զոհեր կÿողբայ Իտալիա, Էմիլիա Ռոմանիայի մէջ հազիւ մի քանի օր տարբերութեամբ տեղի ունեցած երկրորդ երկրաշարժին հետեւանքով:

Տաս հոգի եւս կը փնտռուին, մինչ փլատականերու վերածուած են բազմաթիւ շէնքեր: Մենտոլայի մէջ չորս աշխատաւորներ գործարանի փլատականերէն՝ սպաննուած դուրս բերուեցան: Վիրաւորներու թիւը կը հասնի 200ի: Աւելի քան 14.000 մարդ հեռացած են իրենց բնակարաններէն:
Շարք մը քաղաքապետներ դիմումներ ներկայացուցած են կառավարութեան, պահանջելով, որ   վնասուած շրջանները դուրս բերուին տնտեսական ճգնաժամով պայմանաւորուած օրէնքներու դրոյթներէն: Մտածումներ կան յատուկ նպաստ խնդրելու Եւրոպական Միութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել ահաւոր մեծ վնասները: 100է աւելի յետցնցումներ տեղի ունեցած են: