Վերջերս «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչները» վերադարձան, տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած համերգային շրջագայութիւնէն։
Մինչ առաջին համերգը, Փոքրիկ Երգիչները երգեցին Թբիլիսիի Ս.Էջմիածին եւ Ս.Գրիգոր եկեղեցիներուն մէջ՝ խինդ ու ցնծութիւն պարգեւելով տեղւոյն հայութեան եւ հայ երգի անրկնելիին՝ Սայաթ Նովայի շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ։ Տեսան ԹիՖլիսի հին քաղաքը, հայաշէն եկեղեցիները, սիրուն խրճիթներն ու նեղլիկ փողոցները։ Նոյն օրը երեկոյեան առաջին ելոյթը յայտարարուեցաւ Թբիլիսիի նշանաւոր Ռուստաւելու անուան թատրոնին մէջ՝ նուիրուած Հայ-Վրացական դիւանագիտական յարաբերութեանց 20 ամեակին։
Որեւէ համերգի ճշմարտացիութեան առաջին ու անհրաժեշտ պայմանը եւ չափանիշը՝ յուզականութիւնն է։ Յիրաւի, ցնցող տպաւորութիւն թողեց երգչախումբը պրոՖեսիոնալիզմով, եւ կատարողական գերվարպետութեամբ ո՛չ միայն զարմացուց, այլեւ յուզեց, մտաւ ու նուաճեց ունկնդիրներու սրտերը։
ԹիՖլիսեան ելոյթէն ետք, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը թեւակոխեցին Րիգա։ Համերգի նախօրէի շրջագայութիւնը Րիգայի հին քաղաքին մէջ, մեծ ազդեցութիւն գործեց բոլորին մէջ։ Ով գէթ մէկ անգամ եղեր է այստեղ, հազիւ թէ մոռնայ այն տպաւորութիւնները, որոնք ակամայ կու գան եւ կը հանգչին սրտիդ ու հոգիիդ խորքերը։
Րիգայի «Ավէ Սօլ» երբեմնի եկեղեցւոյ, բայց այժմեան համերգասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ համերգային ուղղեւորութեան ամենէն փայլուն եւ յաջողութեամբ պսակուած ելոյթներէն մէկը։ Ծրագիրը յագեցած էր Հայկական, Ռուսական, Արեւմտաեւրոպական եւ Լատվիական, ժամանակակից ու դասական կոմպոզիտորներու ստեղծագործութիւններով։ Ի դէպ է յիշատակել այստեղ ականաւոր դիրիժոր՝ Գիդո Կոկարսի յոյժ բարացուցական վկայութիւնը կապուած օրուան համերգին՝ թէ «Այն՝ որուն մենք այսօր ականատես եղանք եւ ականջալուր, անիկա կարելի էր իրագործել մի միայն երկնքի մէջ, եւ երբեք՝ երկրի վրայ»։
«Ապրիլ 24»ը, բնականաբար անհնար էր վրիպել ուշադրութեան կիզակէտէն։ Այդ կապակցութեամբ Րիգայի մէջ զետեղուած հայկական խաչքարը փոխարինեց «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ուն Ծիծեռնակաբերդ այցը եւ յարգանքի տուրք մատուցին Մեծ Եղեռնի նահատակներուն՝ աղօթքով, շարականներով եւ նախորդ օրուան համերգին, երգչախումբիս նուիրուած անթիւ ու անհամար ծաղկեփունջերը, տեղադրեցին խաչքարին վրայ։
Սթօքհոլմը եղաւ սիրտը համերգային շրջագայութեանց, ուր «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը հրաւիրուեր էին «Թող ապագան երգէ» (Let The Future Sing) միջազգային փառատօնին։ Ներկայ էին վեց տարբեր ազգերու երգչախումբեր եւ ասոնց իւրաքանչիւրին առանձին մասնայատկութիւնը, ազգային բարքերու եւ սովորոյթներու շաղախումը, դարձաւ հոգեյատակը ողջ փառատօնային պատկերի։
Թողենք ակնարկ մըն ալ ներքին կեանքի վրայ. Շատ անսպասելի եւ զարմանալիօրէն ապշեցուցիչ էր «ԱդոլՖ Ֆրեդերիք» դպրոցի անդամներու ծայր աստիճան հիւրընկալ վերաբերմունքը։ Ինչպիսի՜ ջերմութեամբ ընդունեցին փոքրերուն իրենց երդիքներէն ներս, իրար անծանօթ, բայց կարծես երբեւիցէ իրարմէ չբաժնուած հարազատներ ըլլային։
Սթոքհոլմի մէջ գլխաւորը եղաւ «Կոնցերտ Հուսետ» դահլիճի համերգը։ Դահլիճ, որտեղ բեմահարթակ են բարձրացեր տիեզերական ռիթմով բաբախող երաժիշտներու սրտեր, նման ՖիւրտՖէնկլրի, Ֆոն Քարայանի, Րաժտենսվենսկիի, Քլաուտիո Արրաուի, Բրունո Վալթերի եւ այլ անմահներու։ Համերգասրահի հիանալի աքուստիքը, բեմական լայն հնարաւորութիւնը, երգողներուն բարձր տրամադրութիւնը, մաեստրոյին անհուն հմտութիւնը, մագնիսականութիւնը, մարդոց հոգիներուն ազդելու գիտութիւնը եւ վերջապէս մոգական ձեռքերը, դարձան գրաւականը համերգիս շռնդալից յաջողութեան։
Բո Իոհանսոնի կարծիքով. «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը, աշխարհի լաւագոյն երգչախումբերէն է, իսկ անոր գեղարուեստական ղեկավար՝ Տիգրան Հեքեքեանը, իր նախասիրած չորս դիրիժորներէն մէկը։ Անիկա վեր հանեց երգողներուն յուզական տարբեր վերապրումները, դիմային արտայայտութիւնը եւ իրար լսելու արուեստը, որոնք վառ ապացոյց են բեմի վրայ իրար եւ հանդիսատեսի հետ ունեցած ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտին։
Յիշարժան եւ յոյժ գնահատելի երեւոյթ էր «Eric Ericson»ի անուան համերգասրահին մէջ կայացած նիստը, որտեղ ընդգրկուած էին ամբողջ հրաւիրեալ ազգերու երգչախումբերու ղեկավար մարմինները։ Ժողովի նախագահն էր մեծանուն խմբավար՝ Բո Իոհանսոնը։ Այնտեղ արծարծուեցաւ մանկական խմբերգային գրականութեան հետ կապուած շարք մը խնդիրներ, որոնց հիմնահարցն էր այդ բնագաւառի ստեղծագործական ամլութիւնը եւ կոմպոզիորներու եթէ ո՛չ չգոյութիւնը, ապա՝ ակնբախ նուազումը։ Հակառակ այս տխուր իրավիճակին, հայ իրականութեան մէջ ողջունելի երեւոյթ է, հայ եւ տարբեր ազգերու ժամանակակից կոմպոզիտորներու ստեղծագործութիւնները՝ գրուած յատուկ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ուն համար։ Այս առթիւ կ՛ուզեմ յիշել, որ միջազգային մրցոյթ է յայտարարուած «Armenian Little Singers Choir Composition Competition» անուան տակ, որուն մասնակցեր են շուրջ երեք տասնեակ կոմպոզիտորներ։ Ժողովի աւարտին ներկաները ունկնդրեցին ժամանակակից Շուէտուհի կոմպոզիոր՝ Քարէն Րէնքվիստի ստեղծագործութիւնները՝ մանկական երգչախումբի համար։
Յաջողութեամբ ելոյթ ունեցան նաեւ Գէօթենբուրկի «Դոմկիրկա» տաճարին մէջ։
Յետադարձ ճանապարհին, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը, սիրուած Վերմանեան այգիին մէջ‘ բաց երկնքի տակ երգելով, իրենց գործիական մասնակցութիւնը բերին Լատվիայի անկախութեան նուիրուած տօնական հանդիսութեան։
Այսպէս՝ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը կը շարունակեն իրենց ազգային եւ համամարդկային գործունէութիւնը։ Հետագայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ «Armenian Little Singers Choir Composition Competition»ը, ինչպէս նաեւ պիտի մեկնին Ծայրագոյն արեւելք՝ Ճաբոն, որուն մասին յոյսով որ հնարաւորութիւն կ՛ունենամ ձեզ պատմելու։
Մանուէլ Օհանեան