Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում
ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում»
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ


Հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց երբ հպարտօրէն խօսեցաւ իր մեծ սիրոյն՝ «անուշ Հայաստանի» մասին, հաւատաց անոր «արեւահամ բառ»-ին, նաեւ՝ նայիրեան աղջիկներուն «հեզաճկուն պար»-ին:

Շաբաթ, 5 Մայիս 2012-ին կիպրահայ գաղութը ապրեցաւ Եղիշէ Չարենցի այս «սէրը»՝ մարմնաւորուած կիպրահայ գաղութի «Սիփան» պարախումբի 14 երիտասարդուհիներու հեզաճկուն պարերուն ընդմէջէն եւ մէկուկէս ժամ տեւած հայկական ու այլ յօրինումներով, որոնք պարարուեստի գեղեցիկ համոյթ մը կազմեցին:
Բայց նախ կայ ասացուածք-իրագործում մը, զոր պէտք է ընդլայնել:
Պատանեկութեանս օրերուն կարդացած եւ լսած էի ժողովրդական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Գործ մը սկսէ հայու պէս եւ վերջացուր անգլիացիի պէս»: Բայց ինչո՞ւ հայը կրցած էր խլել լաւ գործ սկսողի համբաւը եւ անգլիացիին զիջած նոյն գործը աւարտողի համբաւը: Ո՛չ մէկ գիտական բացատրութիւն կայ, այլ ժողովրդական ասացուածք ըլլալով՝ հիմնուած էր փորձառութեան եւ դէպքերու զարգացումներու վրայ…: Բայց «Սիփան»-ի փորձը շրջեց ժողովրդային այս ասացուածքը:
Ֆելիքս Յարութիւնեանը՝  հայրենի արուեստագէտը, միջազգային ելոյթներու մասնակիցն ու մրցանակակիրը, «Սիփան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնեց 2011-ին: Ան իր բծախնդիր, խստապահանջ եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կրցաւ պարախումբը հասցնել գեղարուեստականօրէն բարւոք մակարդակի: Բայց ոչ միայն այդ: Ան յաջողեցաւ հայ մշակոյթի սէրը դարբնել իւրաքանչիւր պատանիի եւ երիտասարդի սրտին ու հոգիին մէջ, որպէսզի անոնք մէկ կողմէ պարեն, բայց միւս կողմէ ապրին հայ մշակոյթը: Ասիկա այն «սիրոյ» նկարագրականն է, որ Եղիշէ Չարենց կը փորձէր բացատրել իր բանաստեղծութեան մէջ: Հայկական մշակոյթը պէտք է ապրիլ եւ իւրացնել, ապա պարել, որպէսզի ստեղծուի սէրը նոյնինքն «հեզաճկուն պարին» նկատմամբ:
2012 տարուան փորձառութիւնը քիչ մը տարբեր եղաւ:
Ֆելիքսի անակնկալ անհանգստութիւնը առկախեց լաւ սկսած աշխատանքը…: Եւ հիւանդութիւնը եւ աշխատանքներու առկախումը ստեղծեց մէկ կողմէ անորոշութիւն, բայց միւս կողմէ հոգեկան ճնշում…: Եւ հարցումը՝ «ինչպէ՞ս պէտք էր վերջացնել լաւ սկսուած աշխատանքը…»:
 
Գօգօ Քէլէշեանը Ֆելիքսին աշակերտներէն է՝ Պէյրութի Համազգայինի «Քնար» պարախումբէն: Ֆելիքսի բծախնդիր եւ հետեւողական ցուցմունքներուն եւ վարժութիւններուն միջոցով Գօգոն սկսած է խօսիլ տալ իր մասին լիբանանահայ եւ լիբանանեան պարարուեստի տարբեր շրջանակներուն մէջ: Աւելի լաւ դասաւորում կարելի չէր ընել, երբ ուսուցիչը՝  Ֆելիքս Յարութիւնեան գործը յանձնեց եւ փոխանցեց Գօգոյին, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել լաւ սկսած, բայց առկախ մնացած աշխատանքները:
Կիպրոսի Համազգայինի վարչութիւնը եւ «Սիփան» պարախումբի  անդամները Մայիս 5-ին կրցան ապացուցել, որ լաւ սկսած աշխատանքը հայուն կողմէ կարելի է նաեւ վերջացնել՝ նոյնինքն հայուն միջոցաւ: Ուժական ներկայութիւն, բեմական գեղեցիկ ստեղծագործական միտք եւ աշխատանք, համաչափ շարժում եւ գունագեղ տարազներ: Այս ամէնը մեծ խճանկարի մը մէջ ստեղծեցին գեղարուեստական բարձրորակ եւ հաճելի երեկոյ-համոյթ մը:
Երեկոյին գեղեցիկ մտայղացումներէն էր «Նանոր» մանկապատանեկան պարախումբը՝ թիւով քսանվեց հոգի, որոնք ցոյց տուին, որ ոչ միայն կարելի է աշխատանքը լաւ ձեւով ամբողջացնել, բայց նաեւ լաւապէս ծրագրել յառաջիկայ տարիներուն համար: Ֆելիքսին եւ ապա Գօգոյին ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր մանկապատանեկան այս աշխատանքը եւս  յաջողցնել՝ ինչ որ լաւ գրաւական մը կրնայ հանդիսանալ յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներու համար: Յայտագիրին մասնակցեցաւ «Արտուտիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը:
 «Սիփան» պարախումբի լաւ սկսած, ապա ընդհատուած, բայց դարձեալ վերակազմակերպուած «ջանքերը» ուրախացուցին  Ֆելիքսը, հպարտացուցին Գօգոն, բայց անպայմանօրէն խանդավառեցին կիպրահայ գաղութը…: Ֆելիքսին ուրախութիւնը այն էր, որ իր մեծ աշխատանքը կիսատ եւ անաւարտ չմնաց: Գօգոյին հպարտութիւնը՝ թէ անորոշ եւ կիսատ մնացած գործը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարելի եղաւ յաջողցնել: Բայց հանդիսատեսին խանդավառութիւնը անոր այն ապրումն էր, թէ հայ մշակոյթը ապրող իրականութիւն է՝ հարուստ եւ բարձրորակ, եւ թէ նոր սերունդը ատակ է իւրացնելու զայն եւ բաժնեկցելու հաւաքական կեանքին մէջ…: Այս իրականութիւնը բաժնեկցիլը նոյնինքն Եղիշէ Չարենցի մեծ սէրն է՝ «անուշ Հայաստանին» եւ անոր աշխարհատարած նայիրեան աղջիկներու «հեզաճկուն պարին»:
 Այս սէ՛րն է, որ հայ ժողովուրդը ողջ պիտի պահէ, բայց նաեւ՝ ապրող եւ կենսունակ իրականութիւն:
Եթէ մենք սիրեցինք «Սիփան»-ի աղջիկներուն հեզաճկուն  պարը, բայց նաեւ ապրեցանք պահը հայ մշակոյթի արժէքին: Այս արժէքն է, որ պէտք է պահել եւ փոխանցել:
Մինչ այդ, պէտք է հաւատալ, թէ  «գործ մը կարելի է սկսիլ հայու պէս՝ եւ անպայմանօրէն ամբողջացնել՝  նոյնպէս հայու պէս»:
Ֆելիքս եւ Գօգօ…: Ուսուցիչ եւ աշակերտ…: Գործը հայօրէն սկսան եւ հայօրէն ամբողջացուցին…:

ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ
12 Մայիս, 2012