Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիպրական եւ յունական թերթերը պաշտօնական փաստաթուղթ մը բացայայտեցին, Կիպրոսի Զիղիի նաւային խարիսխէն ներս Երկուշաբթի առաւօտուն տեղի ունեցած պայթումին կապակցութեամբ:

Ինչպէս յայտնի է, կիպրական կառավարութիւնը (արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններ, վաճառականութեան եւ մաքսային գրասենեակ), ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի պալատէն երկու ներկայացուցից՝ բոլորը տեղեակ էին վտանգաւոր վառօդանոցի մասին: Յաւելեալ՝ անոնց ներկայացուցիչները ներկայ էին Փետրուար 2011ին գումարուած խորհրդաժողովի, որ հրաւիրուած էր տուեալ այս նիւթի քննարկման շուրջ:
Տեղական մամուլը խստութեամբ կը դատապարտէ պետութեան «անհոգ» կեցուածքը, բոլորին  պատասխանատու նկատելով՝  ողբերգական դէպքին կապակցութեամբ:
Նշենք, որ հանրային կարծիքը բնաւ չէ հանդարտած Կիպրոսի մէջ, որ բողոքի ցոյցէն ետք կը շարունակէ հրապարակումներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով ձայն բարձրացնել:
Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, դէպքին կապակցուած բոլոր թըղթածրարը պահուած է կեդրոնական արխիւային գրասենեակին մօտ եւ քննութեան համար պիտի յանձնուի դատախազութեան ներկայացուցիչներուն:
Փորձագէտներու յայտնած կարծիքին համաձայն՝ պայթումի  ուժգնութիւնը Նակասաքիի աթոմական ռումբի ուժի 20%ին հասաւ: Այդ օր՝ Երկուշաբթի 11 Յուլիսին, հազիւ յայտարարուեցան վիրաւորներու եւ զոհերու պարագաները, աւելի քան 1.650 հոգի փութաց հիւանդանոցները, արիւն նուիրելու նպատակով:
Լարնաքայի եւ Լեմեսոսի մէջ բնակարաններու եւ շէնքային համալիրներու վնասները կը գնահատուի թէ 2 միլիոն եւրօ գումարի կը հասնին: