Մայիս 20-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներու, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհրդի եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու, հովուապետական այցով մեկնեցաւ Թաւրիզ:
Օդանաւակայանէն ներս Վեհափառին դիմաւորեցին՝ նահանգապետարանի քաղաքական հարցերով տեղակալը, Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանը, Ատրպատականի հայոց Թեմական խորհուրդի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէն յետոյ՝ վեհափառը իր հայրապետական պատգամը յղեց եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Նոյն օրը երեկոյեան Թաւրիզի առաջնորդարանէն ներս կայացաւ հանդիպում՝ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ աւելի ուշ Թաւրիզի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ծրագիր: Ծրագրի ընթացքին «Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրուեցաւ բարերար Համազասպ Ոսկանեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով՝ Ռուբէն Տէր-Պօղոսեանը:
Երէկ առաւօտեան Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թաւրիզէն մեկնեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի պատմական վանք, ուր Վեհափառի ձեռամբ օծուեցաւ վանքի վերանորոգուած զանգակատունը: Յիշեալ զանգակատունը վերանորոգուած է Իրանի Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ:
Ապա Վեհափառը վերադարձաւ Թեհրան։