Ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանը չմասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին
Շիքակոյի մէջ կայացող ՆԱԹՕի գերաստիճանի ընթացքին վաւերացուած է պաշտօնական հռչակագիր մը, ուր, այլ հարցերու շարքին կը յիշատակուի նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը:
Կառոյցը մտահոգութիւն կը յայտնէ Հարաւային Կովկասի եւ Մոլտովայի սառեցուած հակամարտութիւններու առնչութեամբ եւ կ՛ընդգծէ, թէ կ՛աջակցի Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան եւ կը շարունակէ սատարել տարածաշրջանային այս հակամարտութիւններու կարգաւորման նպաստող ջանքերուն՝ միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքեան համաձայնագիրի սկզբունքներուն հիման վրայ:
Ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանը չմասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է չմասնակցիլ Շիքակոյի մէջ ընթացող ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին, այս հռչակագիրի նախագիծին մէջ ներառուած մտահոգիչ ձեւակերպումներուն պատճառով:
Հռչակագրի նախագիծին մէջ ներառուած է Հարաւային Կովկասի՝ Մոլտովայի հակամարտութիւններու լուծման վերաբերեալ ընդհանրական ձեւակերպում, որը, հակառակ Լիզպոնեան հռչակագրի համեմատութեամբ որոշակի փոփոխութեան, կը հակասէ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման միջազգային միջնորդական ուղղութիւն ունեցող Մինսկի խումբի համանախագահներու մօտեցումներուն, որոնք բազմիցս արտայայտուած են Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ:
Այս ձեւակերպումը որ չի համապատասխաներ ԵԱՀԿ ծիրէն ներս վերջին տարիներուն ընդունուած յայտարարութիւններուն եւ որոշումներին, կրնայ ոչ միայն վնաս հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, այլեւ վտանգել փխրուն իրավիճակը տարածաշրջանէն ներս, յատկապէս` Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերու աննախադէպ աճի եւ անոր ղեկավարութեան ռազմատենչ հռետորաբանութեան ֆոնին տակ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Շիքակոյի հայկական համայնքին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին, այս հարցերու մասին բացատրութիւններ տուած է:
«Հաշուի առնելով այս մտահոգութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը որոշում է կայացրել չմասնակցել Շիքակոյի հանդիպմանը» ըսած է ան: