Միացեալ Նահանգներու մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի աւանդական թելեթոնը: Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ վեց ժամ տեւած թելեթոնին ընթացքին Հայ դատի գրասենեակին նուիրուած է աւելի քան 2.2 միլիոն տոլար:
Ամերիկահայ համայնքը «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին ճամբով առիթը ունեցած է ծանօթանալու Հայ դատի գրասենեակի անցնող տարիներու գործունէութեան՝ ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, կրթութեան, Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին ցուցաբերուած օգնութիւններուն: Թելեթոնին իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին ամերիկահայ համայնքի բազմաթիւ յայտնի ներկայացուցիչներ: