Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոպացի  ընկերվարականները համերաշխութիւն  կը  պահանջեն  
եւ  ոչ  թէ սպառնալիքներ՝ Յունաստանի  հանդէպ


Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստը վճռակամ դիրք որդեգրեց, 30%ով կրճատելով նախագահի եւ նախարարներու ամսական վարձատրութիւնները:

Տնտեսական ճգնաժամին առիթով առնուած այս քայլը, խորհըրդանշական շատ մեծ իմաստ ունի, ցոյց տալով ընկերվարական նախահագի կտրուկ կեցուածքը, նախընտրական արշաւի ընթացքին կատարած իր խոստումները յարգելու իմաստով:
Ֆրանսայի նորանշանակ կառավարութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ (վարչապետ Ժան Մարք Էրօ, 17 կին եւ 17 այր նախարարներ) սկզբունքային վարքագիծի մասին համաձայնագիր մը ստորագրած են, օրինակելի կառավարում կիրարկելու պարտաւորութիւնը ստանձնելով: Այս համաձայնագիրը նախարարները կը պարտաւորեցնէ՝ հեռու մնալ շահերու բախումներէ: «Մենք հոս չենք եկած միայն մատակարարում կատարելու համար, այլ երկիրն ու ընկերութիւնը հիմնովին վերափոխելու համար» դիտել տուած է Ֆրանսական կառավարութեան բանբերը:
Նախագահի ամսականը (որ 2007ի մէջ 170%ի յաւելում կրած էր) եւ 21.300 եւրօ էր, կը կրճատուի 14.910 եւրոյի: Վարչապետը նաեւ նոյն գումարը պիտի ստանայ որպէս ամսավճար, իսկ նախարարները՝ 9.910 եւրօ: Նուազում կրած են նաեւ նախարարական գրասենեակներու պիւտճէն եւ նախարարներու գրասենեակներու գործակիցներու թիւը:

Ֆապիւսի արտաքին գործոց նախարար նշանակման նկատմամբ
թրքական դժգոհութիւն

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հրապարակած է երկրի նոր կառավարութեան կազմը: 34 նախարարական պաշտօններուն կէսը բաժին ինկած է կիներուն:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է նախկին վարչապետ Լորան Ֆապիւս, իսկ ելեւմուտքի նախարար Հոլլանտի նախընտրական արշաւի ղեկավար Փիեռ Մոսքովիսի:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆապիւս ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ կարծր դիրքորոշում ունեցող անձնաւորութիւն: Օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա կը յուսար արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ տեսնել Մոսքովիսին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի լաւ տրամադրուած է:
Նշենք, որ հրեայ հօր եւ ամերիկացի մօր զաւակ 66-ամեայ Ֆապիւս յայտնի էր իբրեւ Ֆրանսայի ամէնէն երիտասարդ վարչապետը: Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 37 տարեկանին: Ֆապիւս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահն էր, երբ խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանու- թեան ճանաչման օրինագիծը:
Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետ Ժան-Մարք Այրօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նորակազմ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ Էլիզէի պալատին մէջ: