Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:
«Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու»,- յայտարարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Րէիսեանը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարշլեանը յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ ծրագրի մասին շեշտելով, որ միութիւնը ժամանակ մը առաջ անդրադարձած էր, որ Սուրիոյ դէպքերու հետեւանքով տեղի հայութիւնը ընկերային եւ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կրնայ յայտնուիլ: Յետ քննարկումներու, Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար նկատած էր ՀՕՄ-ի օժանդակութիւնը կեդրոնացնել սուրիահայ վարժարաններուն վրայ շեշտելով, որ այդ օժանդակութիւնը յատկացուի «կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու»: Այդպիսով թէ՛ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներու բեռը կը թեթեւնայ, թէ՛ վարժարաններու գործունէութեան շարունակակնութեան նպաստած կ’ըլլայ ՀՕՄ-ը:
«Մեծապէս գնահատելի է Կեդրոնական վարչութեան այսօրինակ ֆոնտի մը առաջացման որոշումը»,- յայտնեց ՍՕԽ-ի ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանը: «Երկրի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը ազդած է նաեւ հայ համայնքին վրայ եւ ՍՕԽ-ի խնամատարական յանձնախումբէն նպաստ ստացող ընտանիքներու եւ կրթական ֆոնտի սաներու թիւը կրկնապատկուած է անցնող տարեշրջանին: Համոզուած ենք, որ մինչեւ յառաջիկայ Սեպտեմբեր ՀՕՄ-ի աշխարհատարած միաւորները իրենց անկարելին կարելի պիտի դարձնեն առաւելագոյն օժանդակութինը ցուցաբերելու սուրիահայ կրթական օճախներուն եւ այդ ճամբով‘ սուրիահայութեան: Կասկած չունինք, որ այլ կարիքներու պարագային եւս աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքը դարձեալ մեր կողքին պիտի կանգնին, դուրս գալու այս ճգնաժամէն»,- եզրակացուց ան:
«Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ՀՕՄ-ի բոլո՛ր տեղական մասնաճիւղերուն ու շրջանային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ¬ի կայքէջին (http://www.ars1910.org) ճամբով: Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի կեդրոնանան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ եւ 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի նախօրեակին փոխանցուին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, անոր տնօրինումով յատկացուելու համար տեղի հայկական վարժարաններուն, թեթեւցնելու համար սուրիահայ ծնողքին բեռը: