Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Տերսիմցի  Հայերու  Միութեան»  Նախագահ Միհրան  Փրկիչի  Ցնցիչ  Յայտարարութիւնները

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Հապեր Վաքթիմ» կայքէջին վրայ հրատարակուած է Տերսիմցի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչի հետ կատարուած տեսակցութիւն մը: Փրկիչ նախապէս մահմետական ըլլալով հանդերձ հետագային իր անունն ու կրօնը փոխած է, վերադարձած է հայութեան ու հիմնած է միութիւն մը:

Ան հետաքրքրական յայտարարութիւններ կատարած է տերսիմցիներուն մասին, ըսած է, որ տերսիմցիներուն 75 առ հարիւրը հայկական ծագում ունի: Հայկական ծագում ունի նաեւ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գըլըճտարօղլու, որ սակայն կ՛ուրանայ իր ծագումը: Ժողովուրդը «գաղտնի հայեր» կը կոչէ այն հայրենակիցները, որոնք հայկական ծագում ունին եւ կը թաքցնեն, որոնք մահմետականներու նման կ՛ապրին: Ասոնք նախապէս կը թաքցնէին իրենց հայկական ծագումը, սակայն հիմա այլեւս թաքցնելու պահանջ չեն զգար: Եկեղեցւոյ մէջ կը մկրտուին եւ քրիստոնեայ կը դառնան: Իրենց թրքական անուններն ալ կը փոխեն եւ կ՛առնեն հայկական անուններ: Մկրտուելով հայութեան վերադարձող այս հայրենակիցները «Տերսիմցի հայեր» անունով միութիւն մըն ալ հիմնեցին: Միութեան նախագահն է Միհրան Փրկիչ, որ երկու տարի առաջ կրօնափոխ եղած է արդէն, որ Սիւլէյման անունը փոխած է եւ առած է Միհրան Փրկիչ անունը (որ ինչպէս անցեալին գրած ենք, իր գիւղի անունն էր):
Միհրան Փրկիչ «Ագիտ» թերթի աշխատակից Ֆաթիհ Աքքայային հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ ինք ներկայիս կոչ կ՛ուղղէ, որ գաղտնի հայերը այլեւս վերադառնան իրենց բուն ինքնութեան եւ յայտարարեն, թէ հայ են: Առաջ կը վախցուէր, բայց հիմա վախնալու բան չկայ:
Միհրան Փրկիչ կ՛ըսէ, որ իրենց միութիւնը 70 անդամ ունի: Իսկ այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ մահմետական երեւցող հայերուն թիւը ի՞նչ է, Փրկիչ կու տայ հետեւեալ պատասխանը. «Մենք չենք կրնար ըսել: Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ իրենք յայտարարեն առանց վախնալու, մէջտեղ թող ելլեն: Օրինակ՝ Տերսիմի ժողովուրդին 75 առ հարիւրը հայկական ծագում ունի: Ասոնց մէկ մասը ալեւի դարձած է, մէկ մասն ալ՝ քիւրտ: Այլեւս իրարու խառնուած են: Մեր նպատակն է ապահովել, որ Տերսիմի մէջ ապրող եւ հայկական ծագում ունեցող հայերը ազատօրէն յայտարարեն իրենց պատկանելիութիւնը եւ ժամադրուին իրենց ազգային մշակոյթին հետ:
Փրկիչ ըրաւ նաեւ հետեւեալ ցնցիչ դիտողութիւնը. «Եթէ Տերսիմ ըսուի, այժմ ամէնէն առաջ կը յիշուի Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ Քեմալ Գըլըճտարօղլուն: Շատ յստակ է, որ Գըլըճտարօղլուի մայրը հայ է: Բայց Գըլըճտարօղլու կը նախընտրէ մերժել այս կէտը: Ինչպէս որ կը մերժէ նաեւ, որ քիւրտ է: Մինչդեռ Տերսիմի մէջ ամէն մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը: Գըլըճտարօղլուի ծննդավայրը՝ Նազիմիէ, հայաբնակ վայր էր: Արդարեւ, անոր մօր անունը Էմոշ է: Եմոշ ըսողներ ալ կան: Գըլըճտարօղլու ասիկա ուրանալով կը նախատէ իր մայրը»:
Երբ լրագրողը հարցուց, թէ Գըլըճտարօղլուի հետ բնաւ խօսեցա՞ն, որպէսզի զայն հրաւիրեն իր ծագումը բացէ ի բաց յայտարարելու, Փրկիչ պատասխանեց, որ այդպիսի պահանջ չզգացին, որովհետեւ Գըլըճտարօղլու արդէն կ՛ուրանայ:
Միհրան Փրկիչ խօսեցաւ նաեւ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան տերսիմցի երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւնի մասին եւ ըսաւ, որ այս անձը շատ ջերմ մերձեցում ունի հայերուն նկատմամբ: Իր մասին ինք բան մը ըսել պիտի չուզէ, Այկիւն ի վիճակի է ինքզինք արտայայտելու: Հա՞յ է, թէ՞ ոչ, ինք պէտք է ըսէ: Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛վ հայ է, ո՛վ չէ: Ո՛ր ցեղախումբերը հայկական են եւ ո՛ր ցեղախումբերը հայկական չեն: Կարեւորը իրենց արտայայտուիլն է:


Ո՞վ պիտի կարենայ վերադարձնել  Տէրսիմցի մամիկին տարիները

Աւելի քան 80-ամեայ Ֆաթմա Եաւուզ նամակ մը ղրկած է Թուրքիոյ Ազգային Ժողովին մէջ ստեղծուած Տէրսիմցի յատուկ յանձնախումբին եւ անկէ պահանջած՝ որ իրմէ գրաւոր կերպով ներողութիւն խնդրուի։ Արդարեւ, ան հայկական ծագում ունենալուն պատճառով՝ Տէրսիմի պատահարներէն վերջ փոքրիկ տարիքէն խլուած է իր ընտանիքէն ու անկէ վերջ ստրուկի կեանք ապրած՝ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին։ Տէրսիմի սպանդէն վերջ, ան իր ընտանիքէն առնուելով տրուեր է Գոնիայի Պէյշէհիր գաւառակին մէջ՝ սպայի մը։ Հոն արդէն բաւական տանջանքի ենթարկուելէ ետք, սպային այլ վայր պաշտօնի նշանակման պատճառաւ՝ տրուեր է ուրիշ պաշտօնեայի մը։ Յաճախ ծեծեր են զինքը, մատները կոտրեր են, բայց ոչ մէկը զինքը բժիշկին տարեր է։ Ապա տրուեր է այլ ընտանիքի մը։ 13 տարեկանին ամուսնացուցեր են 35 տարեկան մէկու մը հետ։ Այսպէս՝ տառապանքներով լեցուն կեանք մը ապրեր է։ Ան, քանի մը տարի առաջ՝ իր աղջկան ապահովագրական թղթածրարի ձեւակերպութիւններուն առթիւ՝ 78 տարի վերջ միայն՝ իմացած է թէ իր իրական անունը Ասլըհան Քիրէմիթճեան էր։ Ֆաթմա Եաւուզ, անցեալ տարի՝ Տէրսիմի մասին Էրտողանի խօսքերը լսելով ալ յուսադրուած է ու ներկայիս կը պահանջէ որ իրմէ գրաւոր ներողութիւն խնդրուի, իրեն վերադարձուին իր ընտանիքին հողամասերը եւ գտնուին իր միւս ազգականները։