Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ թէ երէկ առաւօտուն, Փարիզի Էլիզեան պալատէն ներս, տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի երդման արարողութիւնը, մեծ թիւով հիւրերու ներկայութեան:

Յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ արքեպիսկոպոս Նորվան Զաքարեանը, որ այս առիթով իր եւ ֆրանսահայ գաղութի ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորընտիր նախագահին:


 

ԱԼՖՈՐՎԻԼ - ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ՝ ՌԸՆԷ ՌՈՒՔԷԻՆ

Կիրակի՝ Ապրիլ 29ին, Ալֆորվիլի հայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայ էր Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ՝ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին մատուցուած պատարագին եւ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Հայոց թեմակալ առաջնորդը՝ Նորվան Արք. Զաքարեան, որ նաեւ քարոզեց:
Կրօնական արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները թափօր կազմած ուղղուեցան դէպի Աշտարակ հրապարակ, ուր կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան խաչքար-յուշարձանը: Հոս եղան ելոյթներ: Իրենց յարգանքի խօսքը արտասանեցին նաեւ Ալֆորվիլի նախկին եւ ներկայ քաղաքապետերը՝ Ռընէ Ռուքէ եւ Լիւք Քարվունաս: Եղան նաեւ անոնցմէ առաջինին յղուած՝ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան, երկրորդին՝ յաջողութեան ուղերձներ:
Ապա ներկաները առաջնորդուեցան կից մարզասրահը, ուր նախատեսուած էր մեծարանքի յատուկ արարողութիւն մը, ի պատիւ նախկին քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէի, որ իր պաշտօնավարութեան 24 երկար տարիներու ընթացքին երբեք չէ զլացած իր աջակցութիւնը Հայութեան, Հայ Դատին, Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Արցախին:
Հայութեան կողմէ խօսք առնելով, քաղաքապետարանէն՝ Սիմոն Սիմոնեան դրուատեց Ռընէ Ռուքէի անուրանալի վաստակն ու արժանիքները, մանրամասն ձեւով կատարելով պատմականը անոր պաշտօնավարութեան բազում տարիներուն: Ապա ունկնդրուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կոնդակը: Հայերէնը կարդաց Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրայր քհնյ. Գըլըճեան, իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, նոյն եկեղեցւոյ երիտասարդ սարկաւագ՝ Դաւիթ Քիրէն:
Հուսկ, իր հայանպաստ բազմամեայ գործունէութեան որպէս գնահատանք՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ,- ընդառաջելով Ալֆորվիլի ծխական խորհուրդի դիմումին,- Ռընէ Ռուքէին շնորհուած Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը մեծարեալին յանձնեց Նորվան Արք. Զաքարեան:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Փարիզի դեսպանատան՝ լիազօր նախարար Վահագն Աթապէկեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժին մը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ, ջերմ մթնոլորտի մէջ:


Լ. Ս.


ԻՏԱԼԻԱ - Հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն Իտալիոյ

Պաւիա քաղաքէն ներս Մայիս 9-ին Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը Պաւիա քաղաքը այցելեց, ուր Յաղթանակի օրուայ կապակցութեամբ, Շուշիի ազատագրման եւ  ԼՂ պաշտպանութեան բանակի 20-ամեակի կապակցութեամբ Պաւիայի պատմական Վիսկոնթէօ ամրոցին մէջ (Castello Visconteo di Pavia) հայկական խաչքարի բացման արարողութեան մասնակցեցաւ:
Արարողութեան ներկայ էին Պաւիայի քաղաքային իշխանութիւններու, հասարակութեան ու իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Քաղաքապետ Ա. Կատանէօ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ պատմութեան ու մշակոյթին, նշելով, որ «Պաւիան հարստացաւ հայկական խաչքարի տեղադրմամբ, որը շօշափելի յաւելում է մեր քաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան մէջ»: