Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ մէջ Մայիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով հայ համայնքը կորսնցուցած է 250 պատգամաւորներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ մինչ այդ զբաղեցուցած իր միակ տեղը:

Փաստաբան Սնբուլ Սնբուլեանը, որ Սուրիոյ խորհրդարանի նախորդ երկու գումարումներու անդամ էր, սուրիահայերու ամէնէն հաւանական թեկնածուն էր եւ իր մրցակից Ահմադ Սահրիջիին կը զիջէր 348 ձայնով: Սուրիահայ համայնքը նախապէս ընտրութիւններու կ"երթար միասնական թեկնածուով, խուսափելով ձայներու պառակտումէ: Սակայն այս տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յայտնուեցան մէկէ աւելի հայ թեկնածուներ: