Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն եւ Թրիփոլիի մէջ բնակող հայութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի հետ:

Վ. Հարմանտայեան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կը տիրէ լարուած իրավիճակ մը, որուն պատճառով ամբողջ շրջանը ամայացած է եւ անդամալուծուած: Ան հաստատեց, որ բախումներ կ՛արձանագրուին Թրիփոլիի գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ:
Վ. Հարմանտայեան յայտնեց, որ Թրիփոլիի կոմիտէութիւնը հեռաձայնային կապեր հաստատած է Թրիփոլիի մէջ բնակող բոլոր  հայ ընտանիքներուն հետ, որոնք վնաս չեն կրած: