Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատ անցեալ շաբաթավերջին հեռախօսային զրոյց մը ունեցան՝ իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ news.am-ը, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան յղումով, Ահմատինեժատը շնորհաւորած է Փութինին‘ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:
“Վլատիմիր Փութին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատը պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու ռուս իրանական համագործակցութեան զարգացումը»:
Ինչպէս նշուած է Քրեմլինի կողմէ մամուլին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, երկու նախագահներու զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկիրներու ղեկավարներու հետագայ շփումներու հեռանկարային ծրագրերու մասին: