Երէկ, Մայիս 9ին, Շուէտի Ռիքստակը՝ խորհըրդարանը, մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի միջնորդագիրը, որ, դէմ է ԼՂ կարգաւորման միջազգային սկզբունքներուն։ Այս մասին կը յայտնէ armeniska.se կայքը:
Անցեալ տարի՝ ի դէմս Մեհմեթ Գաբլանի՝ Կանաչներու կուսակցութեան կողմէ ներկայաց-ւած շարժումը, կոչ կ'ուղղէր, որ Շուէտ ներգրաւուի Արցախի համակարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ պահանջելով «ատրպէյճանական գրաւուած տարածքէն անյապաղ եւ անվերապահ դուրս բերել հայկական բոլոր զինուած ուժերը», իսկ միջազգային կազմակերպութիւններէն՝ աշխատիլ «Ատրպէյճանի տարածքային սահմաններու կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայ փոքրամասնութեան ապահովութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ինքնավարութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ»:
Փոխարէնը՝ խորհրդարանը ընդունած է բանաձեւ խաղաղ լուծման եւ Մինսկի խումբի պարտա-կանութեան մասին: