Պրիւքսելէն Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը տեղեկութիւն քաղելով Սպանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբէն կը տեղեկացնէ, որ Պարչելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենէթ քաղաքի խորհուրդը Մայիս 4, 2012-ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է, դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։
Խորհուրդի նիստին ներկայ էին Սպանիոյ մէջ գործող հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնք բարձրացուցած էին Ցեղասպանութենէն նկարներ եւ պաստառներ։ Բանաձեւը քուէարկուած է խորհուրդը կազմող բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։
Բանաձեւի որդեգրումէն ետք, հայ կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն, առնելու ճիշդ քայլը, որն է՝ պետական մակարդակով ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: