«Ալիք» կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի առաւօտեան հովուապետական այցով Թեհրան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
«Էմամ Խոմէյնի» օդակայանի հիւրերու յատուկ օթեակին մէջ, հայրապետը դիմաւորեցին Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Իսլամական խորհըրդարանին մէջ հիւսիսային եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ Գէորգ Վարդանեան եւ Ռոբերտ Բէգլարեան, Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, Լիբանանի դեսպանատան հաւատարմատարը, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի օգնական Մակար վրդ. Աշգարեան, երեք թեմերու Պատգամաւորական ժողովներու ու Թեմական խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչները, ԹՀ Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբը եւ լրագրողներ:
Վեհափառը աղուհացով դիմաւորեց Սահակ քհնյ. Խոսրովեանը: Օդակայանէն վեհափառ հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող շքախումբը, մուտք գործելով Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի՝ դիմաւորուեցան ժողովուրդի խուռներամ շարքերով:
Նախքան Իրան մեկնումը, վեհափառը Ուրբաթ, 4 Մայիսին կատարած է հիմնարկէքը Ապու Տապիի առաջին հայ եկեղեցւոյ։
Ապու Տապիի տակաւ աճող հայ համայնքին համար եկեղեցի մը ունենալը տարիներու երազ էր։ Գաղութին տուած իր առաջին այցելութեան ընթացքին՝ 1997ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց իշխանին հետ իր հանդիպման ընթացքին արծարծած էր սոյն հարցը։ Անցնող տարիներու ընթացքին, շնորհիւ կատարուած հետապնդումներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին նկատմամբ Արաբական Էմիրութեանց իշխանութեան ցուցաբերած բարեացակամութեան ու վստահութեան, եկեղեցւոյ կառուցման համար յատուկ հող մը յատկացուեցաւ հայ համայնքին, միաժամանակ՝ հայրապետին այցելութեան առիթով 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարուեցաւ։