Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ապրիլ 25-29-ը Ժընեւի մէջ  տեղի ունեցաւ Գրքի եւ մամուլի միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսը (Salon du livre), որուն աւանդաբար ներկայացւած էր նաեւ  Հայաստանը: Ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը ապահովուած էր Զուիցերիոյ մէջ  գործող հայկական ընկերութիւններու  եւ  հիմնադրամներու  հովանաւորութեամբ:

Հայաստանի տաղաւարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ էր եւ  պայմանաւորուած էր ներկայացուած գրքերու բազմազանութեամբ, ինչպէս նաեւ  ծրագրէն ներս  բազմաբնոյթ ատենախօսութիւններու ներառման հանգամանքով:
 Հայաստանի տաղաւարին մէջ  ցուցադրուած էին Հայաստանի եւ  արտերկրի մէջ  տպագրուած հայալեզու եւ  օտարալեզու բարձրորակ հրատարակութիւններ` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վերաբերեալ պատմական  եւ արդիական թեմաներով, ինչպէս նաեւ  Արցախի, Ջուղայի, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Կազմակերպուած ատենախօսութիւնները  կÿընդգրկէին հայոց պատմութեան, հայկական մշակոյթին, արուեստին, ճարտարապետութեան, հայոց լեզուին եւ  ինքնութեանը, հայկական Սփիւռքին եւ  Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող թեմաներ:
Առանձնակի հետաքրքրութիւնն կը  վայելէր Երեւանի՝ UNESCO-ի կողմէ գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման թեմայով ցուցադրումը: