Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկ Կիրակի 6 Մայիսին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: 1988 թուականէն յետոյ առաջին անգամ ըլլալով, յաղթանակ արձանագրեց Ընկերվարդական կուսակցութեան թեկնածուն՝ Ֆրանսուա Հոլանտը՝ «գահընկեց» դարձնելով Նիքոլա Սարքոզին։


51.7% տոկոս արձանագրելով գերազանց յաղթանակ ապահովեց Հոլանտը, քաղաքացիներուն խոստանալով զարգացման ի նպաստ քաղականութիւն եւ յոյսեր ներշնչելով, թէ դէմ պիտի կանգնի Եւրոպային պարտադրուող գերմանական տնտեսական խիստ քաղաքականութեան: Եւրոպան «շունչը բռնած» կը հետեւի նախագահ Հոլանտի առաջին ժամերուն:
Արեւմտեան լրատուամիջոցները անդրադառնալով Հոլանտի յաղթանակին, դիտել կուտան թէ մեծ  ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Եւրոպայի ֆինանսական ճգնաժամի հանգուցալուծման, տնտեսական զարգացման եւ նոյնիսկ Աֆղանիստանէն ֆրանսացի զինւորները դուրս բերելու գործընթացքին վրայ։
Նախընտրական շրջանին Հոլանտը խոստացած էր պայքարիլ Ֆրանսայի մէջ օրէ օր աճող գործազրկութեան դէմ, կրճատել պիւտճէի բացը, նոր հարկեր սահմանել մեծ  ընկերութիւններու  եւ այն քաղաքացիներու համար, որոնց տարեկան եկամուտը կը  գերազանցէ մէկ միլիոն եւրոյի սահմանը։
Նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս յետոյ, Հոլանտի հետեւորդները  բազմահազար քաղաքացիներու ներկայութեամբ  հանրահաւաք կազմակերպեցին  կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մօտ։
Նիքոլա Սարքոզին ընդունելով իր պարտութիւնը ելոյթ ունեցած է, նշելով թէ իր  կուսակցութիւնը կը շարունակէ համախմբուած մնալ, սակայն ինքը կը քաշուի առաջնորդի պաշտօնէն:
Ինչպէս կը նշեն ֆրանսական լրատուամիջոցները, 1981 թուականէն ի վեր Ֆրանսայի մէջ առաջին նախագահական ընտրութիւնն էր այս, ուր գործող նախագահը պարտութիւն կրեց՝ իր պաշտօնավարման առաջին ժամկէտի աւարտին։