Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Մարդկութիւնը որբ է, որովհետեւ կառավարողները հետաքրքրուած չեն քաղաքացիներու եւ երկիրներու բախտով» կը հաւատայ Ֆրանսայի երիտասարդութիւնը, խօսք՝ որ ընդհանրացած իմաստ կը կրէ։


Իւրօրինակ զուգադիպութեամբ 6 Մայիս 2012ի թուականը քով-քովի կը բերէ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւնները: ճակատագրական պահու ընտրութիւններ են երեքի պարագային ալ։
Ֆրանսայի մէջ նախագահ Սարքոզի ուժասպառ կը փութայ իր մրցակից՝ Ֆրանսուա Հոլանտէն հետզհետէ մեծցող բացը նուազեցնելու, զարմանքով դիտելով ֆրանսացի քուէարկողներու մեծամասնութեան վճռա- կամութիւնը՝ Հոլանտին ի նպաստ իրենց քուէն տալու գծով։
Ընտրապայքարը ծայր աստիճան սուր մթնոլորտի մէջ կþընթանայ, մինչ ժողովուրդին մօտ յուսախափութիւնը առկայ է։ Քաղաքացիներու խօսքերով՝ «Արդեօք ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան իրապէս կացութիւնը փոխելու, քանի որ տնտեսութիւնն է որ քաղաքականութիւնը կը ճշդէ, բայց ոչ հակառակը...»։
Ֆրանսական մամուլը վերջին շաբաթներուն ընթացքին, շարունակաբար կը վկայակոչէ մտաւորական անձնաւորութիւններու կեցուածքը, որոնք դիտել կուտան թէ աջակողմեան ուժերը 1995էն ի վեր երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնած են, եւ ոչինչ պիտի փոխուի նոյն գիծը շարունակելով։ Իսկ անդին կանգնած թոշակաւորներու աւելի պահպանողական շրջանակները, մտավախութիւն             կը յայտնեն թէ Հոլանտի յաղթանակը երկրէն դուրս պիտի բերէ օտար դրամագլուխներու գումարները։
«Մարդկութիւնը որբ է, որովհետեւ կառավարողները հետաքրքրուած չեն քաղաքացիներու եւ երկիրներու բախտով» կը հաւատայ երիտասարդութիւնը, խօսք՝ որ ընդհանրացած իմաստ կը կրէ։

 

ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ՅՈՒՍԱՆ
ՀՈԼԱՆՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ,ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴԸ՝ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու թուրք նախարար Է. Պաղըշ անցեալ շաբաթ յայտնած է այն համոզումը, թէ ով որ ալ ըլլայ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան յաղթականը, Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի ընտրութիւններէն  ետք: Ան ըսած է, թէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առընչութեամբ Փարիզի որդեգրած խիստ ոճը հակոտնեայ է Ֆրանսայի ազգային շահերուն: «Ֆրանսայի շահերը կը պահանջեն լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ: Ֆրանսացի ժողովուրդը եւ գործի շրջանակները լաւ կը գիտակցին ատոր: Քաղաքական դէմքերն ալ պիտի հաստատեն ատիկա», ըսած է Պաղըշ, որ միշտ քննադատած է Սարքոզին եւ Թուրքիոյ անդամակցութեան ընդդիմացող անոր կեցուածքը:Թուրք նախարարը յիշելով այն փաստը թէ 2011ին՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած օտար ներդրումներուն 92%ը պատկանած է Եւրոպային, ըսած է թէ այս վերջինը գիտակից է Թուրքիոյ տնտեսական կարելիութիւններուն: Չէ մոռցած նշելու, թէ 2011ին, իր երկրին տնտեսական աճը կազմած է 8,5%: Իր կարծիքով՝ նաեւ Հայկական Հարցին պատճառով ստեղծուած ֆրանքեւթրքական տարակար- ծութիւնները, ընտրութիւններէն ետք անցեալին պիտի պատկանին:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանին հազիւ երկու օր մնացած է եւ  ամբողջ թուրք ժողովուրդը միաձայնութեամբ կը յուսայ ներկայ նախագահին պարտութիւնը: Ատիկա յուսալով հանդերձ, Թուրքերէն շատերը գիտակից են թէ Հոլանտի յաղթանակով ալ շատ բան պիտի չփոխուի իրենց համար, ներառեալ՝ Հայկական Հարցը, քանի ժխտումի պատժելիութեան օրէնքի զօրավիգներէն էր Հոլանտ: Այդուհանդերձ, կը մտածեն թէ Հոլանտ առնուազն անձնական թշնամութիւն չի տածեր Թուրքիոյ հանդէպ ինչ որ որոշ մեղմացում կրնայ ապահովել: Բացի ատկէ, Թուրքերը կ’ըսեն թէ Հոլանտ զօրավիգ է Անգարայի անդամակցութեան, նոյնիսկ եթէ ան չի հաւատար որ ատիկա իրագործելի է մօտ ապագայի մը: Հակառակ ֆրանքեւթրքական յարաբերութիւններուն մէջ ապրուած բոլոր դժուարութիւններուն, 2011ին երկու երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական գործառնութիւնը կազմած է 12,5 միլիառ եւրօ, արձանագրելով՝ 7,7% յաւելում մէկ տարուան մէջ: Եւ ըստ Թուրքերուն, այս դրական թիւերու յաջող ընթացքը, կամ ընդհակառակն՝ անոնց յետադիմումը կախեալ պիտի ըլլան պատժելիութեան օրէնքին կրկին սեղանի վրայ դրուելէն կամ չդրուելէն: Քանի, նման քայլ՝ Թուրքերու կողմէ պիտի ընկալուի թշնամական: 
Նախագահ Սարքոզիի համար կ՛ըսուի, որ ան այս անգամ իր ակնարկները ուղղեց դէպի ցեղապաշտ շրջանակները եւ կը ջանայ անոնց ալ քուէն սիրաշահիլ:  Սարքոզի հակաթուրք նոր ելոյթը կը ունեցաւ, որը կը  մեկնաբանուի իբրեւ նոր քայլ մը սիրաշահելու համար ծայրայեղ աջակողմեաններու ու ցեղապաշտներու քուէներն ալ: