Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուրբաթ, Ապրիլ 27ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ, նախագահական ապարանքին մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, ներկայ կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարարներ՝ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, որ իր կատարած այցելութիւններուն ճամբով, Լիբանանի ներկայութիւնը ու դերակատարութիւնը կը շեշտէ միջազգային համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի ու լիբանանեան Սփիւռքի յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ: Խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան մասին՝ վեհափառը ուրախութեամբ ողջունեց ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ միասնականութեան խորացման գծով առնուող քայլերը՝ նախագահին աշխատանքով: Հայրապետը, անդրադառնալով Ապրիլ 24ին՝ յիշեցուց նախագահին, թէ հայ ժողովուրդը կը պայքարի արդարութեան համար եւ մտահոգութեամբ կը  հետեւի շրջանէն ներս Թուրքիոյ թափանցումներուն, երեւոյթ՝ որ  վտանգաւոր է ամբողջ շրջանին համար: Ապա վեհափառը տեղեակ պահեց նախագահը, թէ յառաջիկայ օրերուն հովուական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ու ապա Իրանի իսլամական հանրապետութիւն, եւ այս առիթով նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու հետ:
Նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց հայրապետին կատարած արժեւորումին ու գնահատանքին գծով՝ իր կարգին շեշտելով արտաքին աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: Նախագահը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան ու անոր բերած կարեւոր նպաստին՝ Լիբանանի ծաղկման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, յատկապէս՝ քննարկման ընթացքի մէջ եղող ընտրական օրէնքը: