Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՋԱՒԱԽՔ - ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ

24 Ապրիլին Ջաւախքի մէջ բացառիկ արեւօտ օր էր: Ջաւախքցիները իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածներուն յիշատակին կանգնեցուած խաչքարը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու բիւրաւոր նահատակներուն:


Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Տաթեւ քհնյ. Մարուքեան յայտնեց, որ Ապրիլ 24-ին աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը գտնուող հայ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն համար: Ան կոչ ուղղեց իմաստութեամբ, մշակոյթով եւ պետականութեամբ վառ պահելու անոնց յիշատակը:
Ս. պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

ԱԽԱԼՑԽԱ

23 Ապրիլի երեկոյեան «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական երթ՝ ջահերով եւ մոմերով, դէպի քաղաքի Մարդա թաղամասը, ուր տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշակոթողը:
Երթի մասնակիցները Եռագոյններով եւ մոմերով բարձրաձայն կոչ ուղղեցին Վրաստանի իշխանութիւններուն՝ աշխարհի քաղաքակիրթ երկիրներուն հետեւելով ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Խաչքարին մօտ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ երթին մասնակիցները աղօթեցին անմեղ զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան համար: Ապա երիտասարդները հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ելոյթներով, որոնցմէ ետք հնչեցին հայրենասիրական երգեր եւ կոչեր:

ԻՐԱՆ

Ապրիլի  23-ի երեկոյեան  Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որու աւարտին ԻԻՀ-ի մէջ  ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմի, իրանահայ բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յուշակոթողին:
Ապրիլ 24-ին Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եւ Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ իրանահայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին  նուիրուած սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ: Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ  Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բողոքի համահաւաք:

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ

Ապրիլի 24-ին Ղազախստանի բոլոր 14 հայկական համանքներուն մէջ տեղի ունեցան 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան նուիրուած միջոցառումներ:
Կարագանդա քաղաքի մօտ գտնուող Սպասկի յուշահամալիրին մէջ գտնուող հայկական խաչքարի կոթողի մօտ մերձակայ քաղաքներէն եւ գիւղերէն եկած ղազախստանահայերը զետեղեցին պսակներ եւ ծաղիկներ, ինչպէս նաեւ լռութեան վայրկեանով մը  յարգեցին Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:
Ալմաթիի մէջ գտնուող հայկական «Լոյս» կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող խաչքարի մօտ եւս զետեղուեցան  ծաղկեպսակներ, իսկ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ:
Յիշատակի միջոցառումներ կազմակերպուեցան նաեւ Աստանայի մէջ, Կոստանայի մէջ, Օզկեմենի մէջ, Շիմկենտի մէջ եւ Ղազախստանի այլ քաղաքներու մէջ:
Հայկական համայնքներու առանձին ղեկավարներ տեղական մամուլով հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հրապարակումներով:

ՍՔՈՓԻԱ

Ինչպէս Սքոփիայէն կը հաղոր- դէ «Հայերն այսօրի» թղթակից Արմինէ Վրտեսկա-Փիլոյեանը, Ապրիլ 23-ին, Սքոփիայի հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Սոբորէն Խրամ կոչուող եկեղեցի՝ Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի առիթով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Սքոփիացիներ, ինչպէս նաեւ Սքոփիայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, որոնք հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Ապրիլ 24 2012ին,  հնդկահայ համայնքը, եկեղեցւոյ վարչութիւնը, հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները, ուսուցիչները եւ  պաշտօնէութիւնը առաւօտեան հաւաքուեցան Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ ոգեկոչելու համար Հայոց մեծ եղեռնի մէկ միլիոն ու կէս անմեղ նահատակաց 97-րդ տարելիցը:
Եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողի մօտ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ հանդիսապետութեամբ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ հոգեշնորհ Տէր Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանի: Ներկաները աղօթեցին Հայոց մեծ եղեռնի անմեղ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ խոնարհեցին՝ ծաղիկներ զետեղելով յուշարձանին:

ՀՈԼԱՆՏԱ

Ապրիլ 23-ին Հաագայի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ջահերով երթ դէպի Թուրքիայի դեսպանութիւն:
Երթը սկսաւ Հոլանտայի խորհրդարանի դիմացի «Het Plain»  հրապարակէն, ուր հաւաքուած մասնակիցները, «Արդարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն» կարգախօսերով եւ ազգային երգերու կատարմամբ քայլարշաւով շարժեցան դէպի Հաագայի Թուրքիոյ դեսպանութիւն: Թուրքիայի դեսպանութեան դիմացի տարածքին մէջ փոքր հոգեւոր ծես կատարուեցաւ` ի յիշատակ  Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներու, որմէ ետք ցուցարարները մէկական մոմ վառեցին «1,5» խորհրդանշական թիւով,- կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:


ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ

Մոնթեվիտէոյի «Կոմիտաս ռատիօժամ»էն Կարօ Հէքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ ընթացք տալով Ուրուկուէյի մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան առաջարկին՝ երկրի Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրը՝ Ապրիլ 24ը, ներառել հանրային վարժարաններու տեղական եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող թուականներու օրացոյցին մէջ:
Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ այլ կարեւոր թուականներու կողքին, Ապրիլ 24ը պէտք է նշել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, եւ այս կապակցութեամբ՝ պարտականութիւն տալ Ուրուկուէյի ամբողջ տարածքին գործող հանրային նախակրթականներու, միջնակարգերու եւ բարձրագոյն ու- սումնական կեդրոններու դաստիարակներուն՝ որպէսզի այդ օրուան, յատուկ թուականի  մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն եւ խորհրդածելու առիթ ստեղծեն աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ այդ ահաւոր դէպքին պատճառներուն մասին կարծիք յայտնեն::


ՍԱՆ ՓԱՕԼՕ

Ապրիլ 21-ին Սան Փաօլօ քաղաքի կեդրոնական՝ Աւենիտա Փաուլիստա պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նուիրուած բազմամարդ երթ, ուր կը մասնակցէին պրազիլահայ համայնքի կրօնական եւ աշխարհիկ բոլոր  միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներն ու անդամները, հայ եւ պրազիլացի երիտասարդական ու սկաուտական ջոկատներ՝ ընդհանուր առմամբ աւելի քան 500 մարդ: Աւելի քան երկու ժամ տեւած քայլարշաւի դադարներուն տեղի կþունենային ելոյթներ, կը կատարուէին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգն ու  հայրե-նասիրական երգեր, վանկարկումներ:
Ապրիլ 22-ին Սան Փաօլոյի Հայ Առաքելական «Սբ. Գրիգոր» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին  նուիրուած սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Պատարագներ մատուցուեցան նաեւ Հայ կաթողիկէ եւ Կեդրոնական աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ, որոնց աւարտէն ետք անոնց մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Արմենիա հրապարակի Ցեղասպանութեան զոհերու նորաբաց յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու տեղադրում եւ հոգեւոր-քաղաքացիական արարողութիւն:

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ

Հայոց  ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Պուլկարիոյ ՀՀ դեսպան Արսէն Սհոյեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տեղապահ Տէր Աբգար Յովակիմեանը,  թեմական խորհուրդի  նախագահը, դեսպանութեան անձնակազմը, Սոֆիայի եկեղեցական եւ  թեմական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր հայկական կրթամշակութային, երիտասարդական, բարեգործական եւ հասարակական  կազմակերպութիւն- ներու ներկայացուցիչները Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ցու- ցապաստառներով, երեկոյեան երթով  Սոֆիայի հայկական եկեղեցիէն ճամբայ ելան դէպի «Երեւանեան» պուրակին վրայ տեղադրուած Հայկական խաչքարը:
Տեղի ունեցաւ լռութեան վայրկեան, պսակադրման արարողութիւն, մոմավառութիւն, ելոյթ ունեցաւ  Սոֆիայի  հայկական պարային համոյթը:
Նոյն օրը Պուլկարիոյ բոլոր գործող հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան պատարագներ եւ մատուցուեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ:
Ապրիլ 24-ին Պլովդիւ, Վառնա, Բուրգաս, Սիլիստրա, Շումեն Եամբոլ, Ռուսէ, Ստառա-Զագոռա հայաշատ քաղաքներուն մէջ նոյնպես տեղի ունեցան բազմամարդ երթեր, որոնց մասնակցեցան ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ պուլկար համախոհներ, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

ՎԻԵՆՆԱ

Ապրիլ 22-ին եւ 24-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին նուիրուած յիշատակի միջոցառումներ:

Կիրակի օրը՝ Ապրիլ 22-ին, Վիեննայի հայ առաքելական Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն: Պատարագը մատուցեց Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեանը: Պատարագէն ետք վիեննահայութիւնը, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամները սգոյ երթ կազմակերպեցին դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Ստեֆանի տաճար:
Երեքշաբթի օր՝ Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Վիեննայի մէջ գտնուող Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սգոյ պատարագ՝ ի ոգեկոչում Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի: Պատարագի աւարտին՝ ծաղկեպսակներ դրուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց Մեծ Եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Նույն օրը հիշատակի միջոցառումներուն մասնակցող հայ, աւստրիացի եւ Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ դրին Ֆրիդրիխ Շիլլերի հրապարակին վրայ տեղադրուած աւստրիացի գրող եւ մեծ հայասէր Ֆրանց Վերֆելի յուշարձանին:
Դեսպան Արման Կիրակոսեանը եւ Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեանը հարցազրոյց տուին գերմանական Frankfurter Allgemeine Zeitung օրաթերթին, որ «Վերֆելը եւ հայերը» նիւթով յաւելուած մը պատրաստած է իր օրաթերթի Ապրիլ 28-29-ին թիւին համար:


ԼԻՏՎԱ

Ապրիլ 24-ին Լիտվայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ «100 համերգ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին» ծրագրի ծիրէն ներս, Վիլնիւսի Քոնկրէս համերգային դահլիճին մէջ կազմակերպած էր համերգ: Միջոցառումը կազմակեր-               պուած էր Լիտվայի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի խմբավար Կարէն Դուրգարեանի, սոպփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանի, դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի եւ պարիթոն Գէորգ Յակոբեանի մասնակցութեամբ:


ԼԻԲԱՆԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք ազգային խնդիրներուն շուրջ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ միակամ է: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաւաքաբար ուխտեց ամրակուռ շարքերով շարունակել պահանջատիրական պայքարը եւ հաւաքական կամքով պահանջել հայութեան անփոխարինելի իրաւունքները:
Այս շրջագիծին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքա- կան երեք կուսակցութիւններուն, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի շրջագիծին մէջ, մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատա-րագի եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն ետք, (տեսնել՝ առանձին), տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց-քայլարշաւ՝ մասնակցութեամբ շուրջ 25.000 հայորդիներու, որոնք առաւօտեան կանուխ ժամերէն հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր շրջաններէն:
Ցոյցին մասնակիցները Անթիլիասի Մայր տաճարէն ուղղուեցան դէպի Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը՝ կազմակերպուած եւ կարգապահ շարքերով: Ցուցարարները թրքական դեսպանատուն արշաւեցին ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն նուագակցութեամբ, ինչ որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Բողոքի հաւաքին ներկայ էին ծերերը, երիտասարդները, մայրերը, պատանիներն ու մանուկները: Բոլորը եկած էին Թուրքիոյ դեսպանատան ընդմէջէն թրքական իշխանութիւններուն փոխանցելու Հայ դատին նկատմամբ լիբանանահայութեան անփոփոխ կեցուածքը:
Ցուցարարները կրած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Ճանաչումէն հատուցում. երթը կը շարունակուի», «Փախուստը միջոց չէ. Թուրքիան յանցաւոր է», «Ամօթ քե՜զ, Թուրքիա՛», «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք», «Էրտողան, իրաւունք չունիս խօսելու ժողովրդավարութեան մասին», «Մեր տունը Վանն է», «Թուրքե՜ր, գիտցէ՛ք ձեր իսկական պատմութիւնը», «Թալէաթ-Էրտողան. միեւնոյն Թուրքիան եւ միեւնոյն պատմութիւնը», «Ճանաչումի պահն է», «Արեւելեան Թուրքիան Արեւմտեան Հայաստանն է», «Լիբանանցիները պիտի չմոռնան Թուրքիոյ անցեալը շրջանին մէջ»…
Ապահովական խիստ եւ արտա- կարգ միջոցառումներու ներքեւ դէպի դեսպանատուն առաջնորդող երկու ուղիները փակուած էին, մինչ ճամբեզրին տեղադրուած էին փշաթելեր՝ արգիլելու համար ցուցարարներուն անցքը:
Ցուցարարները իրենց ազգային երգերով, կարգապահ շարքերով եւ բազմահազար ներկայութեամբ արդէն պատգամը փոխանցած էին:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը «զոհը համակերպեցաւ, ոճրագործը չ՛ընդունիր» խորագիրով իր յօդուածին մէջ մէջբերեց ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի յայտարարութիւնը, ուր ան կ՛ըսէ, թէ «թրքական պետութիւնը դատապար- տող հիմնաւորեալ ապացոյցներ ունինք մեր տրամադրութեան տակ»:
Մխիթարեան զարմանք կը յայտնէ, որ Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ իր գործած սխալը: «Եթէ Թուրքիա ընդունի, ներում հայցէ ու հատուցում կատարէ՝ այն ատեն կը դասուի քաղաքակիրթ պետութեանց շարքին ու կարելի կ՛ըլլայ լաւ յարաբերութիւններ մշակել (հայ եւ թուրք) երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Իսկ քայլարշաւի ընթացքին Յովիկ  Մխիթարեան ըսաւ. «Թուրքիա պիտի գիտնայ, որ վերջ ի վերջոյ պիտի ընդունի եւ հատուցում կատարէ»:
Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բազմաթիւ առիթներով ելոյթ ունեցաւ ու յայտարարութիւններ կատարեց լիբանանեան թէ միջազգային լրատուական ցանցերուն ու կայաններուն, ինչպէս՝ «ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-ին, «Էսոշիէյթըտ Փրէս»-ին, «Ռոյթըրզ»-ին, եւ այլն: Իր բոլոր յայտարարութեանց մէջ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու  Թուրքիոյ կողմէ հողային, նիւթական ու բարոյական հատուցման գործադրումի անհրաժեշտութիւնը:
Քայլարշաւի ընթացքին, Բագրատունի ըսաւ. «Հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, երանի թուրքին դէմ պայքարող այլ ժողովուրդներ ալ հետեւին մեր օրինակին: Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք մինչեւ 100-ամեակ եւ անկէ անդին մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի եւ հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան, մաղթեց որ յառաջիկային առիթ տրուի բոլոր փափաքողներուն՝ ազատօրէն մասնակցելու ցոյցին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի պահուն հաստատեց բոլոր ըսուածները՝ ընդգծելով, որ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ արդարութեան հաստատումը:
Լիբանանեան եւ միջազգային մամուլին ներկայութեամբ երիտասարդները բռունցքները  բարձրացուցին եւ Թուրքիայէն պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում‘ խոստանալով, որ իրենք պատրաստ են շարունակելու պահանջատիրութիւնը՝ առանց դադարի եւ յոգնութեան:
Բողոքի ցոյց-քայլարշաւի աւարտին, լիբանանահայ երիտասարդները, իբրեւ բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւն, քանի մը առիթներով հրկիզեցին թրքական դրօշը՝ ցոյց տալու համար, որ իրենք չեն կրնար յարգել պետութիւն մը, որ հաշտ չէ իր անցեալին հետ եւ չ՛ընդունիր իր գոր- ծած ցեղասպանութիւնը: Ցոյցը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած բողոքի ցոյց- քայլարշաւը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ լիբանանահայութիւնը իր համայնքներով, կուսակցութիւններով, միութիւններով, կառոյցներով եւ երիտասարդութեամբ կը մնայ Հայ դատի պահանջատիրութեան ռահվիրան, որ ամրապնդուած է հաւաքականութեան արժէքներուն եւ խնդիրներուն հետապնդման հոլովոյթով:


Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ապրիլեան ձեռնարկներու շարքին, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ շուրջ երեք հազար հայորդիներ բողոքի ցոյց կատարեցին՝ պահանջատիրական լօզունգներ վանկարկելով եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող հսկայ պաստառներ բարձրացնելով:
Շուրջ երկու ժամ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ քայլերթ կատարելէ ետք, ցուցարարները համախմբուեցան եւ ունկնդրեցին ցոյցը կազմակերպող Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պատգամաբերները:
Քաղաքական հաւաքին բացումը կատարեց ՀԵԴական Լորիկ Պողիկեան: Ան ցոյցի մասնակիցներուն իրենց  խօսքը ուղղելու հրաւիրեց Լոս Անճելըսի 43րդ ընտրական շրջանէն նահանգային խորհուրդի անդամութեան թեկնածու Կրեկ Գրիգորեանը, ՀԵԴի անդամ Նորա Ինճէեանը եւ ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Առաքելեանը:
Բոլոր բանախօսները դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ուրացող Թուրքիոյ կառավարութիւնը, բուռն կերպով քննադատեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու խոստումին հերթական դրժումը, նաեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը շարունակելու վճռականութիւն յայտնեցին եւ դիմեցին ներկաներուն՝ շարունակելու համար սատար կանգնիլ հայկական պահանջատիրական շարժումին:
Իննամեայ պատանուհի Սեւանա Մանուկեանը ընթերցեց իր նամակը՝ ուղղուած թրքական կառավարութեան. նամակով կը պահանջէր, որ Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը հայութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրին: Հաւաքը աւարտեցաւ ՀՀ  քայլերգով: