Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկրի նախագահական ընտրութիւններու երկու թեկնածուներն ալ՝ Նիքոլա Սարքոզի եւ Ֆրանսուա Հոլանտ, ներկայ եղան Փարիզի Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած ոգեկոչական արարողութեան:


Ֆրանսիայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ անցած երկու թեկնածուները մէկը միւսին ետեւէն այցելեցին եւ  մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի նուիրուած արարողութեան:
Առաջին ժամանեց Հոլանտը, որ ըստ Երկիր Մետիա-ի փոխանցման, վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատիժ սահմանող օրէնքի ընդունման իր յանձնառութիւնը՝ հաւաստիացնելով. «Ինչ ալ ըլլան գործադրուող ճնշումները, ես հետամուտ պիտի ըլլամ, որպէսզի ձեր պատմութիւնը երբեք չմոռցուի, քանի որ այն կարելի չէ վիճարկել»
Այնուհետեւ, Հոլանտի մեկնելէն քիչ ետք, արարողութեան ներկայացաւ գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, որ նոյնպէս վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանող օրէնքի ընդունման իր խոստումը։