Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Միլիոնաւոր հայեր, ամբողջ աշխարհի տարածքին, ոգեկոչեցին Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ը: Ծիծեռնակաբերդէն արկայծող ջահերն ու անմար կրակը տարածուեցան հայկական բոլոր գաղութներուն վրայ, համայն հայութեան հսկայ ներուժը համախմբելով՝ մեր արդար դատի միջազգային ճանաչման եւ քաղաքական արդար հատուցման պահանջներուն շուրջ:

ԵՐԵՒԱՆ


Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք՝ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով:
Ամէն տարի այդ երթին մասնակցելու նպատակով Հայաստան կ՛այցելեն հայեր աշխարհի բոլոր ծագերէն: Ջահերով երթեր կը կազմակերպուին նաեւ Հայաստանի շարք մը այլ քաղաքներու, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Ջաւախքի եւ աշխարհի հայաշատ վայրերուն մէջ:

ՊՈԼԻՍ
«Շաբաթօրեայ մայրեր» կազմակերպութեան անդամները, Մանուկներու տօնին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մտաւորականներու նահատակութեան տարելիցին առթիւ, իրենց ձեռնարկը ձօնեցին անհետ կորսուած մանուկներուն ու 1915ին նահատակուած հայ մտաւորականութեան։
«Շաբաթօրեայ մայրեր»ու Շաբաթ, Ապրիլ 21ին, Կալաթասարայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, Մարդկային իրաւունքներու միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ներիման Տենիզ, որ նշեց, թէ երկերեսութիւն է տօնել Ապրիլ 23ի Մանուկներու տօնը, երբ հարիւրաւոր երեխաներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն անծանօթ պայմաններու մէջ, կամ անհետ կորսուած կը նկատուին՝ զոհը դառնալով «մութ ուժերու»։
Տենիզ յիշեցուց, որ Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին կը յիշատակուի հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան 97րդ տարելիցը, ապա ըսաւ հետեւեալը. «220 մտաւորականներ էին՝ հայ հաւաքականութեան ամէնէն յարգուած դէմքերը. երեսփոխան, մտաւորական, գրագէտ, բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, իրաւագէտ, դեղագործ, բժիշկ…։ Զանոնք ձերբակալելու որոշումը տուաւ Թալէաթ փաշա, իսկ ձերբակալութիւնները կատարուեցան Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Պետրի պէյի գլխաւորութեամբ։ Հայ մտաւորականները տարուեցան Հայտարփաշայի կայարանը եւ անկէ Անգարա տեղափոխուեցան. անոնցմէ ոմանք քշուեցան դէպի Չանքըրը, իսկ միւսները՝ Այաշ։ Այս մարդոցմէ 139ն նոյնիսկ գերեզմանաքար չունի»։

Բողոքի Ցոյց՝ Սեւակ Պալըքճըի Յիշատակին

Տարաբախտ նահատակ Սեւակ Պալըքճը, որ զինուորական պարտականութեան ընթացքին, անցեալ տարի Ապրիլ 24ին, իր զինակիցին կողմէ սպաննուած էր Պաթմանի ոստիկան զօրաց կեդրոնատեղիին մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան Ա. տարելիցին առթիւ:
Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա բարեկամներ ու ազգականներ մէկտեղուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Սեւակի դամբարանին քով։ Սեւակի հայրը ըսաւ, որ սպանութիւնը ցեղապաշտութեան հետեւանքով կատարուած էր եւ, դժբախտաբար, ոճրագործը ներկայիս ազատ է։

ՑՈՅՑ՝ ԹԱՔՍԻՄԻ ՄԷՋ
Սեւակ Պալըքճըի նահատակութեան Ա. տարելիցին առթիւ, Թաքսիմի մէջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպուեցաւ։ Հասարակական խումբ մը կազմակերպութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Սեւակի մերձաւորները։ Բացի Սեւակէն, ոգեկոչուեցան նաեւ այն զինուորները, որոնք կասկածելի պայմաններու տակ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին, զինուորական պարտականութեան ընթացքին։ Բողոքի ցոյցը սկսաւ ժամը 1ին, Կալաթասարայի հրապարակին վրայ։ Ցուցարարներ կը կրէին «Բոլո՛րս Սեւակ ենք, բոլո՛րս հայ ենք», «Չենք մեռնիր, չենք մեռցուիր, ո՛չ մէկուն զինուորը պիտի ըլլանք», «Մերժէ՛, ո՛չ ըսէ, զինուոր մի՛ ըլլար», «Ոճրագործ պետութիւնը պատասխան պիտի տայ», «Ֆաշականներ կը սպաննեն, պետութիւնը կը պաշտպանէ», «Զինուորութեան մի՛ երթար, եղբայրդ մի՛ սպաններ», «Զինուորականութիւնը կը սպաննէ» եւ այլ լօզունգներով վերտառութիւններ, ու հասնելով Թաքսիմի հրապարակ՝ յայտարարութիւններ ըրին մամուլին։

ՖՐԱՆՍԱ
Նախագահական երկու թեկնածուներու՝ Նիքոլա Սարքոզիի եւ Ֆրանսուա Հոլանտի ներկայութեամբ յատկանշուեցան ոգեկոչական ելոյթները Փարիզի մէջ:
Մանրամասնօրէն կ'անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով