Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պոլսոյ  Ս.Խաչ Դպրեվանքի  նախկին սաներէն Վահրամ  Մարտինեան ու Այգ Գատըեանի «Հայ Տպագրութեան 500-ամեակը միասնաբար նշելու եւ Ս. Յարութեան  տօնը Ս.Ղազար վանքի մէջ տօնելու  նպատակաւ, 5-9  Ապրիլին  կազմակերպուած Վենետիկի  ուխտագնացութեան մասնակցեցան Թուրքիայէն,  Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն,  Գերմանիայէն եկող, Ս.Խաչ Դպրեվանքի նախկին սաներ ու դպրեվանքի համակիրներ, աւելի քան 80 ուխտաւորներ, որոնք չորս օրերու ընթացքին  Վենետիկի Մուրատ Ռաֆաէլեան վարժարանի մէջ  ապրեցան  պատմական օրեր։


Մասնակիցներու  ներկայացուեցաւ, կազմակերպիչներու կողմէ պատրաստուած  երեք օրուայ  ուխտագնացութեան  ծրագիրը, որուն բացումը  կա- տարուեցաւ 6 Ապրիլ  Ուրբաթ երեկոյին, Մուրատ Ռաֆաէլեան հիմնադրամի հիմնադիր տմօրէն Տիգրան Կարապետեանի եւ Փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի ողջոյնի խօսքերով եւ դաշնակահար  Զարա Կարապետեանի երաժշտական ելոյթով. յայտագիրի  առաջին օրուայ բաժինը վերջ գտաւ քօքթէյլի ընդուելութեամբ մը։
Յաջորդ օր, 7 Ապրիլ Շաբաթ յայտագիրը սկսաւ,Վենետիկի երեք տարբեր թանգարաններու մէջ ցուցադրուած «Հայաստան Քաղաքակրթութեան Դրոշմեր» վերագրեալ ցուցահանդէսի  այցելութեամբ, Վենետիկի համալսա- րանի հայերէն բաժնի դասախօս եւ ցուցահանդէսի գիտական ղեկավար փրոֆ.Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի առաջնորդութեամբ ու մեկնաբանութիւներով:Յետմիջօրէին, Հայր Զէքիեանի գլխաւորութեամբ  ուխտաւորները այցելեցին, Վենետիկի  հայկա- կան թաղամասը եւ  Ս. Խաչ Եկեղեցին, ուր միաձայն երգեցին Տէրունական աղօթքը ու կատարուեցաւ կիրակնամուտի կարճ արարողութիւն մը։ Երեկոյին յայտագիրը շարունակեց Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ  անդամ եւ Վենետիկի Համալսարանի դասախօս, հայագէտ  ու լեզուաբան, փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի  «Հայ Տպագրութիւնը  եւ  Հայ Լեզուի Ապագայի  Մարտահրաւէրը» կարգախօսով բա- նախօսութիւնը: Օրուայ յայտագիրը վերջ գտաւ ընդունելութեամբ մը։
8 Ապրիլ Կիրակի օր, ուխտաւորները խմբովին այցելեցին Ս.Ղազար վանք ու ներկայ գտնուեցաւն վանքի Սուրբ   Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ, միաբանութեան  Աբբահայր Եղիայ սրբազանի  կողմէ մատուցուած  Զատկուայ Ս.Պատարագին: Խումբը, յետ Ս.Պատարագի բոլորուեցաւ միաբանութեան կողմէ պատրաստուած ցերեկոյթ  ճաշի սեղանին շուրջ, ապա փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի  առաջնորդութեամբ այցելեցին վանքի տեսարժան վայրերը, թանգարանը, գրադարանը, ձեռագրատունը, Ղեւոնդ Ալիշանի սենեակը  եւ վանքի ցուցասրահները։ Խումբը վանքէն  դէպի Մուրատ Ռաֆաէլեան վերադարձաւ երեկոյան ժամերուն։
Ս. Յարութեան տօնի  եւ ուխտագնացութեան վերջին օրուայ առիթով վարժարանի սրահին մէջ պատրաստուած էր Զատկուայ  ընթրիքի ճոխ սեղան, որուն շուրջ խումբը բոլորուեցաւ: Ընթրիքին պատուոյ հիւրն էր նաեւ Հայր Լեւոն Զէքիեան: Վարժարանի սրահին  մէջ շուտով ըս-տեղծուեցաւ հայ ժողովրդական երգերով ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ։ Ուխտագնացութեան յայտագիրը վերջ գտաւ, մշակոյթային բաժինով, Մուրատ Ռաֆաէլեանի նախկին սան եւ  աքսորի  ճամբու վրայ նահատակուած, հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Դանիէլ Վարուժանի ոգեկոչումով: Յիշուեցաւ անոր կեանքը, արտասանուեցան անոր  ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։ Երեկոյի հուսկ բանքը արտասանեց փրոֆ.Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիեան։

Տոքթ. Սարգիս Ատամ