Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ատըրպէյճանցիներու քոնկրեսը հանդիպումներ ունեցած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:


Շուէտացի երեսփոխանները յայտարարած են, որ 9 Մայիսին խորհրդարանը պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին յայտարարութիւն հրապարակելու հարցը:
Ազերիները շուէտացի երեսփոխաններուն նաեւ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին պատմող գիրքեր նուիրած են: