Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար էրաթօ Քոզաքու Մարքուլիսէն: Նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառը, որ կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Խրիսթոֆորոս եպիսկոպոսին Ս. Զատկուան առիթով իր համայնքին կատարելիք այցելութիւնը եւ պատարագը:

Նոյն նամակին մէջ նախարարը կը յիշէ նաեւ թրքական իշխանութեան  կողմէ մարդկային իրաւունքները անտեսող այլ պարագաներու կրկնութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ապա, նախարարը կը խնդրէ վեհափառէն, որ ազդու միջոցներու դիմելով դատապարտէ մարդկային իրաւունքներու եւ խղճի ազատութեան դէմ եղող թրքական իշխանութեան կողմէ որդեգրուած նման քաղաքականութիւն մը:
Վեհափառը նախարարին ուղղած իր նամակին մէջ դատապարտելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքները անտեսող այս մօտեցումը յայտնեց անոր, որ ինք թելադրած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին , որ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ յայտարարութիւններով դատապարտեն այս երեւոյթը  եւ արտօնեն խղճի ամբողջական ազատութիւն: