Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 6ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալին:

Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին նախարար Փանոս Մանճեան եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ. անոր ընթացքին դեսպանը լայնօրէն բացատրեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները, շրջանային ու միջազգային ուժերու միջամտութիւններն ու մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ներկայ կացութիւնը ու ապագայի հորիզոնները:
Վեհափառը, իր կարգին, նախ անցեալին անդրադառնալով՝ յիշեց, թէ սուրիացի ժողովուրդը սիրով ընդունած էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները եւ իր հայրենիքը ու հացը բաժնած անոնց հետ: Ան նաեւ յիշեց, թէ հայ ժողովուրդը Սուրիոյ մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անդրադառնալով ներկայ կացութեան՝ վեհափառը շեշտեց, թէ պէտք է շուտով դադրի արիւնահեղութիւնը, Անանի ծրագիրը գործադրութեան դրուի, ինչպէս նաեւ արագացուին պետութեան կողմէ ծրագրուած բարեկարգութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ շրջանէն ներս տակաւ աճող թրքական դերակատարութեան, ու յստակօրէն շեշտուեցաւ այդ դերակատարութեան լուրջ վնասները՝ ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհէն ներս:
Սուրիոյ դեսպանը յատուկ կերպով անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դերակատարութեան՝ մեծապէս գնահատեց անոր հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին: