Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Ս. Զատիկը կը տօնէ Ապրիլ 8ին, իսկ յունահայութիւնը յունաց հետ, գալ շաբաթ՝ Ապրիլ 15ին:
Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, Աւագ շաբթուան հարուստ ու հոգեթով արարողութիւնները հոգեկան անփոխարինելի ապրումներու առիթ կը հանդիսանան հայ հաւատացեալին համար:


Երէկ Հինգշաբթի, 5 Ապրիլի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան եւ հաղորդուեցան:

Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառը ղենջակ կապած, Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող տասներկու դպրեվանեցիներու, սարկաւագներու եւ վարդապետներու ոտքերը լուալէ ետք, տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս օրուան Աւետարանէն առնելով իր բնաբանը՝ Յիսուսի կողմէ կատարուած ոտնլուայի դէպքին մէջ տեսաւ խոնարհութեան գերագոյն արտայայտութիւնը: Քրիստոսի տուած խոնարհութեան օրինակը մարդկութեան կեանքին մէջ տեսնելու յոյսով՝ վեհափառը աշխարհի խաղաղութիւնը, մարդոց միջեւ փոխադարձ սէրն ու գործակցութիւնը նկատեց աղբիւր բարիքի եւ համերաշխութեան:
Հաւատացեալ բազմութիւնը արարողութենէն ետք իր հետ առաւ օրհնուած իւղէն՝ իր տան իւղին խառնելու զայն, աստուածային բարիքները իր տան վրայ առատացնելու աղօթքով ու ջերմեռանդ հաւատքով:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր, մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ եւ յատկապէս հայ երիտասարդներով, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի գիշեր»-ուան խորհրդաւոր արարողութեան: Խաչելութեան կարգի ընթացքին քարոզեց  Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան՝ Աստուածորդիին կատարած ինքնազոհողութեան օրինակը ներկայացնելով հաւատացեալներուն:
Միաբան հայրերու կողմէ կարդացուեցան Աւետարանի եօթը հատուածները, որոնց ընթացքին հաւատացեալներ, հին աւանդութեան համաձայն, դերձանի մը վրայ եօթը հանգոյցներ կապեցին, մինչեւ Համբարձման տօնը իրենց դաստակներուն վրայ պահելու համար եկեղեցւոյ աղօթքներուն զօրութիւնը:
Վեհափառին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան մայրավանքէն՝ Աւագ Հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած: