Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ։

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Մոսկուա մեկնելէ ետք՝ 2-6 Ապրիլին, նախարարը պիտի այցելէ Ղազախստան, Հայաստան եւ Իւզպեքիստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992ին: Երկու երկիրներուն միջեւ կան ստորագրուած տասնեակէ աւելի համաձայնագիրներ: Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011 թուականին կազմած է շուրջ 5 միլիոն տոլար: