ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 2011 թուականին բացայայտ կերպով բարձրացած է զարգացած երկիրներուն մօտ ասպաստան խնդրողներուն թիւը։
«LesnouvellesNEWS.fr»ի կողմէ հրապարակուած թիւերը ցոյց կու տան, որ Եւրոպական միութեան երկիրներուն մէջ ապաստանելու համար 327 հազար դիմում ներկայացուած է՝ 1 տարուան ընթացքին 19 առ հարիւրով բարձրացնելով նախորդ տարուան թիւերը։
Միացեալ Նահանգներէն ետք ապաստան փնտռողներուն հիմնական ուղղութիւնը դէպի Ֆրանսա է։ 2011ին Ֆրանսա ստացած է 51.900 դիմում, որ չորրորդ տարին ըլլալով աճի մէջ եղող թիւ է։
Նախորդ տարի Ֆրանսայի մէջ ապաստանիլ ուզողներուն ամէնէն բարձր թիւը Ռուսիոյ քաղաքացիներունն է՝ 4000, անկէ ետք կու գան Քոնկոյի քաղաքացիները՝ 3800, ապա՝ Հայաստանի՝ 3600։ Այս թիւը բազմապատկուած է նախորդ տարի արձանագրուած թիւին հետ համեմատելով։