Ճիշդ 24 տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, հայաշատ Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Հայ Դատի բարեկամ Ռընէ Ռուքէ, հրաժարած ըլլալով իր պաշտօնէն, պէտք է կատարուէր նոր քաղաքապետի ընտրութիւնը:
Ան տեղի ունեցաւ Մարտ 18ին՝ թաղապետական խորհուրդի արտակարգ ժողովի մը ընթացքին:
Ռուքէի փոխարինութեան ընտրուեցաւ, ինչպէս կþակնկալուէր, 40ամեայ Լիւք Գարվունաս, որ Ծերակոյտի վերջին ընտրութիւններուն ալ Վալ-տը-Մառնի ծերակուտական ընտրուած էր: Գարվունաս կը գլխաւորէր թաղապետարանի ընկերվարական մեծամասնութեան ցանկը, որ ստացաւ 33 ձայն, մինչ Ժերար Միրամոնի գլխաւորած UMP-ի ցանկը՝ 3 ձայն:
Նշենք, որ նոր նշանակուած քաղաքապետը եւս արդէն բազմաթիւ առիթներով ցոյց տուած է իր զօրակցութիւնը Հայկական հարցին: Նոյնպէս, ան՝ պատժելիութեան օրէնքին ամբողջ գործընթացին, Գլամարի քաղաքապետ՝ Ֆիլիփ Քալթընպախի հետ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց ի նպաստ օրէնքին: