Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին կատարուած հրատարակութիւնները լայն տեղեկութիւններ կը պարունակեն անոնց պատմութեան, հայ կեանքին ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:

Անոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ, հետեւաբար, կարեւոր աղբիւր կը նկատուին հայոց ժամանակակից պատմութեան համար:
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, այլ ծրագիրներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշած է հրատարակել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն նուիրուած յուշամատեաններու (պատմութիւն, հերոսամարտ,  յուշագրութիւն, եւ այլն) շարքը: Սոյն շարքը պիտի ընդգրկէ Մալաթիա, Տարօն, Երզնկա, Սիս, Այնթապ, Սիվրիհիսար, Պոնտոս, Մուսա Լեռ, Էվերէկ, Կիւրին, Հարք-Խնուս, Բալու, Զէյթուն, Ուրֆա, Սեբաստիա, Հաճըն, Քիլիս, Եոզկաթ, Կարին, Արաբկիր, Ատանա, Մարաշ, Քեսապ, Հիւսէյնիկ, Խարբերդ, Չորք-Մարզպան, Շապին Գարահիսար, Կեսարիա, Թոմարզա, Պարտիզակ, Սասուն, Ամանոս, Էրզրում, Ամասիա, Սամսոն եւ այլ շրջաններ:
Այս առիթով, կ՛ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.-
1.- Յուշամատեաններու հրատարակութիւնը պիտի կատարուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հսկողութեան ներքեւ եւ յատուկ յանձնախումբի մը օժանդակութեամբ:
2.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններու մեծ մասը արդէն իսկ հրատարակուած յուշամատեաններ ունի: Ծրագրուած շարքին մէջ անոնք պիտի ներառուին՝ անհրաժեշտութեան պարագային ենթարկուելով լեզուական սրբագրութիւններու, ճշդումներու կամ յաւելումներու:
3.- Կարգ մը շրջաններու պարագային մէկէ աւելի յուշամատեաններ հրատարակուած են: Ներկայ շարքին մէջ նկատի պիտի առնուի միայն այն հատորը, որ աւելի ամբողջական է:
4.- Յուշամատեաններու շարքը պիտի ըլլայ միաձեւ՝ ծաւալով, չափով, թուղթի տեսակով եւ այլ մանրամասնութիւններով:
5.- Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին հրատարակուած են փոքր տպաքանակով եւ ընդհանրապէս՝ սպառած: Թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի եւ թէ Կիլիկիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որոնք չունին յուշամատեաններ եւ այդ շրջաններու պատմութիւնը ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ներկայ ծրագրին նպատակն է ո՛չ միայն ցարդ հրատարակուած յուշամատեանները վերահրատարակել, այլեւ անծանօթ մնացած շրջաններու պատմութիւնը ուսումնասիրել ու հրատարակել:
6.- Այս եզակի ծրագիրը պիտի իրագործուի բարձր տպաքանակով եւ յուշամատեաններու պատկառելի այս շարքը պիտի տրամադրուի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր միութիւններուն, կրթական կառոյցներուն ու մատենադարաններուն:
7.- Ծրագիրը ի գործ պիտի դրուի անմիջապէս: Յիշեալ ծրագրի գծով կրնաք կապ պահել Կաթողիկոսարանի դիւանապետ պրն. Խաչիկ Տէտէեանի հետ.
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.
Կոչ կ՛ուղղենք մեր մտաւորականներուն ու պատմագէտներուն՝ պատրաստելու պատմութիւնը այն հայահոծ շրջաններուն, որոնց մասին ցարդ աշխատասիրութիւն չէ կատարուած:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր հայրենակցական միութիւններուն, հիմնադրամներուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը եւ կամ մէկէ աւելի հատորներու: