Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարտ 24ին, Արժանթինի մէջ յիշատակուեցաւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Յիշողութեան Օրը, 1976էն 1983 թուականներուն միջեւ երկրի մէջ տեղի ունեցած զինուորական բռնատիրական կառավարութեան զոհ գացած նահատակներուն յիշատակին։

Այս թուականի 36ամեակի առիթով, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, ուր հայ համայնքը, եւ մասնաւորապէս Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան երիտասարդները, գործօն մասնակցութիւն բերին, Արժանթինի այլ համայնքներու կողքին։ Այս առիթով, մեր երիտասարդները քալեցին պաստառներ պարզելով, ուր կը կարդացուէր «Երկու 24 (Մարտ 24 եւ Ապրիլ 24)՝ նոյն պայքարը» նշանաբանը, եւ նոյն ժամանակ անցորդներուն բաշխեցին թռուցիկներ, բաղդատելով այս երկու թուականներու նշանակութիւնը ինչպէս եւ ոճրագործ հեղինակներու ծրագիրները։