Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ այսօր Երկուշաբթի օր կը սկսի միջուկային անվտանգութեան հարցերու նուիրուած միջազգային երկրորդ համաժողովը, ուր մասնակցութիւն կը բերեն մեծ թիւով երկիրներ, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, գագաթնաժողովին մաս կը կազմեն միջուկային զէնքի տիրապետող, աթոմական ուժ ունեցող, կամ կառուցել փափաքող երկիրները, որոնց հիմնական նպատակն է համատեղ քայլեր ձեռնարկել միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլելու եւ ահաբեկչական սպառնալիքները չէզոքացնելու ուղղութեամբ:
Երէկ Սէուլ մեկնեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգըսեանը: Նշենք որ Ատըրպէյճանի նախագահը տարի մը առաջ Ուաշինկթընի հաւաքին հրաւիրուած չէր: Այս անգամ սակայն մասնակցութեան հրաւէր ստացած է նաեւ Իլհամ Ալիեւը: