Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԵԼ

«Հայրենիքի կարօտ» խորագրի ներքեւ այսօր Պերլինի մէջ բացումը կը կատարուի ցուցահանդէսի մը, որ  նուիրուած է Եւրոպայի միլիոնաւոր աքսորեալներուն, որոնք 1900-2000 թուականներուն բռնի տեղահանումներու կամ աքսորի ենթարկուեցան:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 20-րդ դարասկզբի հայերու Ցեղասպանութիւնը: «Պիլտ» պարբերականը կը գրէ, որ այս մէկը նոր սպառնալիք մըն է գերմանա-թրքական յարաբերութիւններուն համար:
«Երկիր-Մետիա» կը հաղորդէ, թէ ըստ իր տեղեկութիւններուն Գերմանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը հրաւէրը ընդունած է, բայց դեռ եւս յայտնի չէ եթէ կը մասնակցի, թէ՞ ոչ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են իրենց հայրե-նիքէն վտարուած ժողովուրդներ, որոնք հայրենիքի կարօտով ապրած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կողմէ: