Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին Մարտ 17-ին Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի համակարգիչներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատառ գրենք» համակարգչային մրցումը:
Այս մրցումին նպատակն էր հայ աշակերտներուն մօտ ամրապնդել հայոց լեզուն եւ քաջալերել անոր պահպանումը: Հայ աշակերտները համացանցի առօրեայ գործածութեան ընթացքին լատինատառ հայերէնի փոխարէն պէտք է գործածեն հայերէն տառերը:
Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային վարժարաններու 6-րդ դասարանի աշակերտները, իւրաքանչիւր վարժարանէ՝ 2 ներկայացուցիչ:
Նախքան մրցումը, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Յովիկ Յովհաննէսեան ողջունեց բոլորը եւ բացատրեց մրցումին պայմանները: Նախ եւ առաջ աշակերտները համակարգիչին վրայ պիտի տեղադրէին հայերէն տառերը, ապա պիտի շարէին իրենց տրուած քերթուածը՝ ճշդուած ժամանակի մէջ:
Մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացաւ Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպենկեան քոլեճը իր մասնակիցներով Ալիք Սթանպուլեան եւ Մոսիկ Հերկելեան: Նշենք, որ շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ, նաեւ յիշեալ վարժարանը իր կարգին ստացաւ արժէքաւոր նուէր մը: