ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Միացած՝ վասն ցեղասպանութեանց կասեցման» շարժումին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Միջազգային ներումին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան շարք մը այլ կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով,
Ուրբաթ, Մարտ 16ին, Ուաշինկթընի մէջ Սուտանի դեսպանատան առջեւ ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուած է ծանօթ դերասան Ճորճ Քլունի եւ անոր հայրը, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ, «Միացած՝ վասն ցեղասպանութեանց կասեցման» շարժումի նախագահ Թամ Էնտրուզ եւ ուրիշներ: Ցոյցին մասնակցած են նաեւ Մարթին Լութըր Քինկ Գ.ը եւ քոնկրեսականներ Ճան Օլվըր եւ Էլ Կրին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան, որ խումբ մը ամերիկահայերու հետ իր մասնակցութիւնը բերած էր ցոյցին, ըսած է թէ Քլունիի ներկայութեան շնորհիւ ցոյցը շատ լայն արձագանգի արժանացած է: