Երէկ Հինգշաբթի օր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հաւաքական հանդիպումներ եւ միաբանական հաւաք:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ծաւալող գործակցութեան, Ս. Աթոռի առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առընչուած հարցեր եւ ծրագիրներ, Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագրում, ինչպէս նաեւ թեմերուն հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու կարեւոր ծրագիրներ: