Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հանդիպում ունենալէ ետք, երէկ հանդիպում ունեցան նաեւ նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի հետ:
Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ անգամ մը եւս հաւաստիացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնելու հետապնդման մէջ իր վճռական կեցուածքին մասին, յիշեցնելով, որ նախագահ ընտրուելու պարագային, Ֆրանսայի համար առաջնահերթ պիտի դառնայ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան որպէս նախապայման: