Յունական թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան ամերիկեան Քոնկրեսի կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, ըստ որու 436 թեր եւ 1 դէմ քուէներով կը որոշուի իրենց տէրերուն վերադարձնել գողցուած քրիստոնէական սրբանկարները:
Տուեալ բանաձեւի յաջողութիւնը կը վերագրուի յոյն-ամերիկացի քաղաքագէտ Քրիս Սփիրուի, որ հինգ տարիներէ ի վեր կը հետապնդէր հարցի վաւերացումը, Ամերիկեան Քոնկրեսի մարդոց իրաւունքներու յանձնախումբին մէջ նախապէս զեկուցած ըլլալով այս հարցի մասին: