Արցունքոտած աչքերով եւ «Կեցցէ Ռուսաստանը» բացագանչելով՝ ելոյթ ունեցաւ Փութինը
Ռուսաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց երէկ Մարտ 4ին երկրէն ներս կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ.am» լրատու կայքէջը, վկայակոչելով ռուսական «ՌԻԱ նովոստի» գործակալութիւնը, ընտրական յանձնաժողովներու արձանագրութիւններու 98,09 տոկոսի ամփոփումէն յետոյ պատկերը հետեւեալն է. առաջին տեղը կը գրաւէ գործող վարչապետ, իշխող «Միասնական Ռուսաստան» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Վլատիմիր Փութինը՝ ձայներու 63,97% տոկոսով, երկրորդը Ռուսաստանի Դաշնութեան համայնավարական կուսակցութեան առաջնորդ Գենատի Զուգանովն է՝ 17,17 տոկոսով,
երրորդը միակ ինքնառաջադրուած թեկնածու, միլիառատէր Միխայիլ Պրոխորովն է՝ 7,65% ձայնով:
Չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը կը գրաւեն Ռուսաստանի ազատական-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսկին եւ «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սերգէյ Միրոնովը` 6,24% եւ 3,83% ձայներով համապատասխանաբար:
Ռուսաստանի օրէնսդրութեան համաձայն նախագահական ընտրութիւններուն մէջ 50+1 տոկոս ձայն հաւաքած թեկնածուն յաղթող կը համարուի:
Այսպիսով, Վլատիմիր Փութինը Ռուսաստանի նախագահի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ երրորդ անգամ ըլլալով. առաջին անգամ Փութինը նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած էր 2000 թուականին 50,94 տոկոս ապահովելով:
Վլատիմիր Ժիրինովսկին եւ Սերգէյ Միրոնովը արդէն շնորհաւորած են Վլատիմիր Փուտինը` յաղթանակի կապակցութեամբ: