Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

 ՄՈՍԿՈՒԱ
«Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին՝ Սուրիոյ մէջ համապարփակ երկխօսութեան զօրակցելու՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը կը քննէ արաբական եւ ՄԱԿի միացեալ խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ղրկելու Արաբական լիկայի Շաբաթ օրուան որոշումը, սակայն ընդգծեց, որ ամէն բանէ առաջ, հարկ է հիւրընկալ երկիրին հաւանութիւնը ստանալ:

«Խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան յաջողութեան երկրորդ պայմանը՝ խաղաղութեան հաստատումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել զայն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ անոր համար հարկ է զինադադար հաստատել, «սակայն դժբախտաբար Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ խմբաւորումները մէկ ղեկավարութիւն չունին»։


ԱՆԳԱՐԱ
Ֆրանսական «Ա.Էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը անգամ մը եւս հարուածած է Հիւսիսային Իրաքը։ Ըստ Թուրքիոյ սպայակոյտի տեղեկութեանց, թրքական ռազմական օդանաւերը Շաբաթ, Փետրուար 11ի երեկոյեան հարուածած են քրտաբնակ հիւսիսային Իրաքի Զապ եւ Հաքուրք շրջանները, ուր կը գտնուին բազմաթիւ քարանձաւներ եւ Քիւրտիստանի                       բանուորական կուսակցութեան զինեալներու թաքստոցներ։

ՆԻՒ ՏԷԼՀԻ
Նիւ Տէլհիի մօտ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ ռումբ մը պայթեցաւ Փետրուար 13ին՝ պատճառելով 4 վիրաւոր, որոնցմէ մէկը դեսպանատան աշխատակից մըն է։ Նոյն օրը, ռումբ մը զետեղուած էր նաեւ Թիֆլիսի մօտ Իսրայէլի դեսպանատան մէկ աշխատակիցի ինքնաշարժին մէջ, սակայն այդ ռումբը կարելի եղած է վնասազերծել։ Իսրայէլ այս արարքներուն պատասխանատու նկատեց Իրանն ու «Իրանի պաշտօնակատար» «Հըզպալլա»ն՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի եւ Թայլանտի մէջ եւս վերջերս նման ծրագիրներ ձախողութեան մատնուած են։