Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենադպիր Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան 28 Յունուար 2012ին, իր հետ ունենալով Արթուն սարկաւագ Տամատեանը՝ մեկնեցաւ Անգարա: Տէր հայրը դիմաւորուեցաւ անգարաբնակ ազգայիններէն Պարգեւ Չէրքէզի կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ անոր բնակարանին մէջ:
Յաջորդ օրը, Անգարայի Ս. Թէրէզա ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ օժանդակ երէցը՝ Ժան Մարք Պալհան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն:
Գրիգոր աւագ քահանան, ընկերակցութեամբ Կարապետ Սէօքէլիի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Փաթրիս Ժիւլիէն տը Փոմէրօլ վարդապետին, որ վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ կը հանգստանար հովուատան մէջ: Տէր հայրը արագ ապաքինում մաղթեց իրեն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ մէջ առիթ ընծայուած էր հայածէս Ս. պատարագի մատուցման:
Նոյն օրը, երեկոյեան Գրիգոր աւագ քահանան Ս. Թէրէզա եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Պարգեւ Չէրքէզ եւ Ժէրմէն Զիրէք զոյգին Ս. պսակի արարողութիւնը:
Պոլսահայ աշակերտներ նախարարին պիտի ուղարկեն դասագիրքերու մէջ գրուած հակահայ բաժինները
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Բանկալթըի «Մխիթարեան» վարժարանի աշակերտները, նախակրթութեան բաժինի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, երկու շաբաթ առաջ գացած էին Անգարա եւ հանդիպում մը ունեցած կրթական նախարար Էօմեր Տինչերի հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացած էր, որպէսզի Մխիթարեանցիները իրենց անհանգստութիւնը յայտնէին դասագիր¬ քերու մէջ հրատարակուած հակահայ արտայայտութիւններուն հանդէպ։
Այժմ անոնք, պոլսահայ այլ աշակերտներու հետ միասին, դասագիրքերէն կը հանեն հայերու դէմ ատելութիւն ու թշնամութիւն սերմանող արտայայտութիւնները՝ զանոնք նախարարին ուղար¬ կելու համար։
Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթաց¬ քին, «Մխիթարեան» վարժարանի նախակրթական բաժինի տնօրէնը նշեց, թէ իրենք անհանգիստ են թրքական դասագիրքերու մէջ հակահայ արտայայտութիւններով ու այդ մասին խօսած են կրթական նախարարին, որ իր կարգին աշակերտներուն յանձնարարած է դասագիրքերէն հանել եւ իրեն ուղարկել զանոնք։ Տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ հակահայ արտայայտութիւնները ի վերջոյ կը հանուին դասագիրքերէն։