Վերջերս, տնտեսական պայմաններու բերումով Քաթար տեղափոխուած հայերը՝ ըլլայ Հայաստանէն թէ սփիւռքէն,արագընթաց թուաճ կ՛արձանագրեն։
Ուստի, երբ այնտեղ տակաւին անգոյ է զիրենք մէկ յարկի տակ հաւաքող հայ եկեղեցին, անոնք հարկադրուած են հայրենաշունչ իրենց պատարագը մատուցել այլ քրիստոնեայ համայնքի մը եկեղեցւոյ մէջ, յարմարելով՝ մէկ կողմէ այդ եկեղեցւոյ պարագաներուն ու միւս կողմէ համայնքը այցելող եւ օրուայ պատարագը մատուցող հոգեւոր հովիւներու կարելիութիւններուն։
Սուրբ Ծնունդէն երկու շաբաթներ յետոյ էր միայն, որ Քաթարի հայերը կրցան նոյն առիթով պատարագ մատուցել, զիրենք ջերմապէս հիւրընկալող Քաթարի Քուպթի համայնքի եկեղեցւոյ մէջ։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Արսէն Հալաճեան բացատրեց, թէ «2001 թուականին, երբ տակաւին եկեղեցական կառոյցներ չկային, հայեր տարին երկու առիթներով՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան, պատարագ կը կատարէին պանդոկներու մէջ։
Ներկայիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. կաթողիկոսի առաջարկով ու Քուպթիներու Բաբի վաւերացումով, տարին երկու անգամ պատարագ կը մատուցուի Քուպթի- ներու եկեղեցւոյ մէջ»։
Ան նաեւ յստակացուց, թէ այս մէկը պիտի շարունակուի մինչեւ հայ եկեղեցւոյ մը կառուցումը, որուն հողատարածքի խոստումը տրուեցաւ Քաթարի Իշխան Շէյխ Համատ Պին Խալիֆա Ալթանիի կողմէ Վեհափառ հայրապետին, վերջինին 2011 թուականի Փետրուար ամսուայ ընթացքին Քաթար կատարած պաշտօնական այցելութեան ժամանակ։
Հետեւաբար, միայն աշխատանքով, հետապնդումով ու նիւթական ներդրումներով է, որ կարելի է պատրաստ տեսնել մեր եկեղեցական կառոյցը։
Օրուայ պատարագը մատուցեց ու քարոզեց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան:
Պատարագի աւարտին ան փոխանցեց, թէ «Քաթարի հայ համայնքը նոր ձեւաւորուող համայնք մըն է, ու այստեղ կան հայորդիներ, որոնք գիտակից իրենց ինքնութեան եւ աւանդոյթներուն, կը փորձեն հայօրէն ապրիլ իրենց կեանքը։ Ինչպէս նաեւ, հայ եկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իբրեւ ծառայական առաքելութիւն, իր հոգեւորականներու միջոցաւ, հոն կը գտնուի՝ ուր կայ հայ ժողովուրդը»։
Ան հաստատեց, թէ ինք հաւատացողն է եւ յոյս ունի, որ վերջապէս Քաթարի հայ գաղութն ալ իր համայնական եւ հոգեւոր տունը պիտի կառուցէ մէկտեղուելու համար անոր երդիքին տակ։
Պատարագին նաեւ իր սիրալիր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմէնճեանը, որ իր կարգին մաղթեց, որ Քրիստոսի ծնունդը ըլլայ ծնունդը քրիստոնէութեան, որովհետեւ քրիստոնեան այն մարդն է, որ արդարօրէն կը կատարէ իր յանձնարարութիւնները, հաւատալով Աստուծոյ գոյութեան։ Նաեւ մաղթեց, որ Քրիստոնէութիւնը բոլորիս համար ըլլայ մահէն վերստին դէպի կեանք վերադառնալու տօն։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան մօտաւորապէս 125 հայորդիներ, հակառակ, որ համայնքին թիւը այսօր առնուազն յիշեալ թիւին քառապատիկն է։ Պատճառը կը կայանայ երբեմն չտեղեկացուելու, երբեմն ճանապարհ-ներու հեռաւորութեան ու առիթը ճիշդ թուականին չյիշուելու մէջ։
Յոյսով ենք, թէ օրէ օր ալ աւելի կազմակերպուող ու ձեւաւորուող այս հայկական համայնքը, շնորհիւ իր ազգային ու եկեղեցական պարտականութեան գիտակից զաւակներուն, մօտ ապագային իրեն շնորհուած հողատարածքին վրայ պիտի կառուցէ իր մնայուն տունը՝ հայ եկեղեցին։
Գարօլին Մսրիէ - Սերոբեան
(յատուկ «Ազատ Օր»ին համար)