Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ցուցարարները  կը  բողոքեն եւրոպական  գագաթնաժողովի առաջադրած՝  խիստ  խնայողական քաղաքականութեան  դէմ

Եւրոպացի ղեկավարներու գագաթնաժողովը հիւրընկալող Պրիւքսելը՝ երկրի աշխատաւորական սենտիքաներուն կողմէ կազմակերպուած համատարած գործադուլի պայմաններուն ենթարկուեցաւ՝ փակ օդանաւակայաններով եւ թռիչքներու ուշացումներով։ Փակ մնաց Պրիւքսելի երկաթուղագիծի

կեդրոնական կայարանը։ Ցուցարարները փակ պահեցին նաեւ Գերմանիոյ հետ ճանապարհային անցակէտը։
Գործադուլին մասնակցող ցուցարարները բողոք ներկայացուցին՝ եւրոպացի ղեկավարներուն կողմէ առաջադրուած խիստ խնայողական քաղաքականութեան դէմ, դիտել տալով թէ Եւրոպական Միութեան անդամ¬քաղաքացիներու  23 միլիոնը  անգործ է, այսինքն աշխատելու կարողութիւն ունե-ցող բնակչութեան 10 առ հարիւրը։
«Կը բաւեն խօսքերը. զարգացման ծրագիրներու պէտք ունինք եւ ոչ թէ խնայողութեան» լոզունգը տիրեց բողոքի ցոյցերուն ընթացքին։